Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ հեռացաւ Փիւնիկ Երեւանէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստին` կազմին հետ իր կատարած նուաճումներուն համար, եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով:
Նշենք, որ Եուրչենքօ Փիւնիկ Երեւանին միացաւ փետրուար 2022-ին:


