2022 տարին մետալներու իմաստով բաւական հարուստ էր Հայաստանի համար` նկատի ունենալով, որ հայրենի մարզիկները տիրացան աւելի քան 300 մետալներու, որոնցմէ 104-ը` ոսկի:
Այս առիթով եւ պահը յարմար նկատելով, Երեւանի քաղաքապետարանը առաջին անգամ ըլլալով կազմեց երեւանցի մարզիկներուն լաւագոյն տասնեակը:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի տարբեր ախոյեանութիւններու մետալակիրներն ու անոնց մարզիչները քաղաքապետարանին մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանի փոխքաղաքապետներ Գէորգ Սիմոնեանի եւ Տիգրան Աւինեանի, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյանի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու վարչութեան պատասխանատու Արսէն Մակվեցեանի կողմէ:
Քաղաքապետութեան կողմէ ընտրուած մարզիկներն ու անոնց մարզիչները արժանացան դրամական պարգեւներու, ոմանք` 250 հազար, իսկ ուրիշներ` 100 հազար դրամով:
Նշուեցաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս նախաձեռնութիւնը պիտի կրկնուի յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին ալ:


