Մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենան արմատական փոփոխութիւններ:
Խումբէն հեռացան 13 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Բենիկ Յովհաննիսեան, Կարապետ Մանուկեան եւ Սարգիս Մեթոյեան, մինչ մնացեալները ակումբին օտարական ֆութպոլիստներն են:
Ակումբին սեփականատէր Բագրան Նաւոյեան, գլխաւոր մարզիչ` Վահէ Գէորգեանի հետ գործակցաբար նոր համալրումներու մասին պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային:


