Հակառակ տօնական օրերու առթած խաղաղասիրական եւ հանդուրժողական ներշնչումի մթնոլորտին, քաղաքական տարակարծութիւնները տակաւին տիրական եւ առկայ են լիբանանեան կողմերու կեցուածքներուն ընդմէջէն: Արդարեւ, մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը տօնական օրերու նախօրեակի իր հիւրընկալութեանց ողջոյնի խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէ երկրի ներքին քաղաքական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը: Ընդհանրապէս իր կարծր ոճով ու քննադատական կեցուածքներով յատկանշուող Ռայի պատրիարքը, որ մինչեւ իսկ պահանջեց Լիբանանի հարցը փոխանցել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ կազմուող միջազգային համագումարի` կ՛ակնկալուի, որ տօնական հանդուրժողական մթնոլորտին մէջ մեղմացնէ իր մօտեցումը եւ կամրջումի դերով ելոյթ ունենայ այսօր, շաբաթ օր նախատեսուող իր տօնական պատգամին ընդմէջէն:
Փաստօրէն, հակառակ քաղաքական տարակարծութեան ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներու շեշտաւորման, լիբանանցի ղեկավարներ տակաւին տարակարծիք են լիբանանեան թնճուկի լուծման հոլովոյթին գծով: Արդարեւ, կարգ մը կողմեր կը նախընտրեն հարցը լուծել միջլիբանանեան երկխօսութեամբ եւ միջին եզրի յանգելու համախոհութեամբ, քայլ մը, որ կրնայ ժամանակաւոր լուծման բնոյթ ունենալ: Անդին, այլ կողմեր կը վճռեն միանգամընդմիշտ «լուծել» լիբանանեան հարցը` միջազգային համագումարի մը ճամբով, ուր վերանայումի ենթարկուի լիբանանեան վարչակարգը ընդհանուր առումով եւ ուր հաշուետուութեան կանչուին ցարդ պատահած «թերացումներու պատասխանատուները» եւ փոխարինուին «բարեկարգչական պարկեշտ» մարդուժով:
Այս տարակարծութեանց հարթումին առաջադրանքով քուլիսային սերտ ճիգեր կը տարուին «սառցահալ»-ի եւ կեցուածքներու մերձեցման ու համախոհութեան յոյսերով: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այցելէ Փարիզ: Միաժամանակ կ՛իմացուի, թէ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Ժողովրդավար համախմբում պլոքի ներկայացուցիչներ մօտերս հանդիպում ունենան: Նոյն առաջադրանքով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ` ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախագահական թեկնածու, երեսփոխան Միշել Մուաուատը` ներկայութեամբ երեսփոխան, նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Նոյն ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորելով լիբանանցիները տօնական օրերու սեմին, անդրադարձաւ Լիբանանի այժմու իրավիճակին` մաղթելով ոխակալութեան ու ատելութեան վանումը վասն նոր Լիբանանի ծնունդին: Նախքան այդ Պըրրի ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպասը, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Դիւանագիտական Եռուզեռ
Այս միջոցին դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ կ՛արձանագրուի Լիբանանի մէջ, ուր պատկան երկիրներու դեսպաններ ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններ տօնական շնորհաւորութիւններու կողքին կը ներկայացնեն իրենց երկիրներու կեցուածքը Լիբանանի տագնապին եւ անոր լուծման կարելիութիւններուն գծով: Այս իմաստով, ուշագրաւ էր երէկ Ռուսիոյ դեսպանին հանդիպումը բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա երէկ այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Իսկ Իտալիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար եւ միջազգային գործակցութեան նախարար Անթոնիօ Թականի պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլիթա Պոմպարտիերիի:
Արտաքին ճակատի վրայ եւ առ ի գործադրութիւն մօտերս Փարիզի մէջ նախատեսուող Ֆրանսա-Իրան-Սէուտական Արաբիա – Քաթար հաւաքական ճիգերու հանդիպումին` խիստ հաւանական կը նկատուի Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Պուխարիի մօտերս Փարիզ մեկնումը:
Այս ճիգերը կու գան այն խիստ զգուշացումներէն ետք, երբ ամերիկացի պատասխանատուներ, յատկապէս` Պարպարա Լիֆ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն խստօրէն քննադատեցին լիբանանցի ղեկավարներու «անզիջող ու անտարբեր» կեցուածքը` կոչ ուղղելով համախոհութեան եւ երկրի հրատապ տագնապի լուծման, նախքան որ ուշ ըլլայ: Լիֆ զգուշացուցած էր նոյնինքն լիբանանեան ինքնութեան ու կառոյցի գոյատեւման սպառնացող վտանգէն, իսկ նախագահ Մաքրոն իր նորագոյն կեցուածքով նպատակայարմար նկատած էր լիբանանեան այժմու ղեկավար լրիւ կազմի փոփոխութիւնը` զայն տիրող «փտածութեան ու գահավիժումին» պատասխանատու նկատելով:
Այս մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ շաբաթները, եթէ ոչ օրերը խոստմնալից եւ արդիւնաւէտ խորհրդակցութեանց ժամկէտ կը նկատուին:
Մինչ այդ, լիբանանցիք իրենց կարգին կը հետեւին տոլարի սլացող արժեգինին, որ երէկ երեկոյեան կը տարուբերէր 45500 եւ 45600 լիբանանեան ոսկիի միջեւ:


