Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած, 1990-ին «Ոսկիէ գնդակ»-ին տիրացած Լոթար Մաթէուս, անդրադառնալով փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Անկասկած, որ ան աշխարհի այս ախոյեանութեան գլխաւոր հիասթափութիւնն է. Մեսսիին հակապատկերը: Ան իր եսասիրութեամբ թէ՛ վնասեց ինքնիրեն եւ թէ՛ ազգային խումբին: Ժամանակին ան հիանալի ֆութպոլիստ էր, միջազգային մակարդակի վրայ սքանչելի ռմբաձիգ: Այժմ սակայն, ան ընդմիշտ արատաւորեց իր ձգած ֆութպոլի ժառանգութիւնը: Ինծի համար դժուար է իրեն պատկերացնել որեւէ ակումբի մէջ: Իսկապէս շատ կը ցաւիմ անոր համար»:զատ ֆութպոլիստ:


