Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան Եւ Միջմասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդներու Դիւաններու Աշխատաժողովներ

December 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան յառաջիկայ գործունէութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագրումի յատկացուած հանդիպում մը` ներկայութեան Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն: Արծարծուեցան նաեւ մասնաճիւղերը յուզող հարցեր, ինչպէս պէտք է հարթել դժուարութիւնները եւ պատշաճ լուծումներ գտնել, նաեւ մշակուեցաւ յառաջիկայի գործունէութիւններու ծրագիրը :

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 3:00 տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի միջմասնաճիւղային խորհուրդներու դիւաններու միօրեայ աշխատանքային հաւաք մը Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Սոյն գործունէութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Այնճարի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժիտէյտի մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու դիւանները, մասնաճիւղի խմբապետներն ու միաւորի խմբապետները: Աշխատանքային այս հաւաքին  ընթացքին մասնակցողներուն փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. Ռիթա Գէորգեան ներկայացուց կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագաւորման ձեւերը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի գործունէութեան մասնակցելու կարեւորութեան մասին:

Դադարէ մը ետք, սկաուտական խորհուրդներու դիւանները բաժնուեցան տարբեր խմբակներու ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցան հանդիպում մը, ուր իւրաքանչիւր մարզին մէջ աշխատող քոյրերուն եւ եղբայրներուն փոխանցուեցան աշխատելաձեւերու մասին յատուկ ցուցմունքներ, որոնց նպատակն էր մասնաճիւղերուն մէջ դիւանական ու սկաուտական աշխատանքները ընթանան հեզասահ ու որդեգրուի նոյնանման աշխատելաոճ: Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան Սկաուտական խորհուրդի ատենապետերուն ներկայացուց իրենց պարտականութիւնները, իրաւասութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Վարդուկ Ֆռնզլեան, Սկաուտական խորհուրդներու ատենադպիրներուն տուաւ ատենագրութեան, շրջաբերական ու նամակներ պատրաստելու կանոններուն մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ծրագիր ու նիւթաբարոյական տեղեկագիր պատրաստելու ձեւերու մասին խօսեցաւ: Ատենադպիրներուն փոխանցուեցաւ իւրաքանչիւրէն ձեւանմուշ մը:  Թալին Պէրպէրեան, Սկաուտական խորհուրդի հաշուապահներուն ներկայացուց հաշուեկշիռ պատրաստելու ձեւը, հաշուետոմարին մէջ հաշիւները արձանագրելու կերպը եւ ձեւանմուշներ փոխանցեց հաշուապահներուն, ապա  պատասխանեց կարգ մը հարցումներուն: Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց «Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի դերակատարութիւնը եւ գործունէութիւններու մասնակցելու կարեւորութիւնը» նիւթը:

Ճաշէն ու դադարէն ետք մասնակցողները կարճ բաժինով մը ներկայացուցին խմբակային աշխատանքներու ընթացքին իրենց ստացած գիտելիքները, իսկ վերջին բաժինով Յակոբ Չպլաքեան ներկայացուց յառաջիկայի սկաուտական գործունէութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագիրը եւ աշխատելաոճը:

Ապա ներկաներուն առիթ տրուեցաւ արծարծելու սկաուտութիւնը յուզող հարցերը:

Աշխատաժողովը վերջ գտաւ յետմիջորէին ժամը 3:00-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Աշխարհի Ամենավատ Յիշողութիւն Ունեցող 10 Անասունները

Յաջորդը

Լեւոն Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.