Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորապէս մտահոգ է ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբու` Լաչինի միջանցքի փակման առնչութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Գրառումին մէջ կը նշուի. «Խորապէս մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակումով, որ լրջագոյն մարդասիրական հետեւանքներ ունի Լեռնային Ղարաբաղի համար: Նմանօրինակ զարգացումները ո՛չ միայն կը խոչընդոտեն ազատ տեղաշարժի իրականացումը, այլ նաեւ կը խաթարեն Հարաւային Կովկասի մէջ ամբողջ խաղաղութեան հոլովոյթը»:
15 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն ի վեր խումբ մը ազրպէյճանցիներ` բնապահպանական պատճառաբանութիւններով, փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի Շուշի-Քարին Տակ հատուածը` Լաչինի միջանցքը: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ներառեալ անչափահասներ, Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն պատճառով չեն կրնար տուն վերադառնալ: Ընդհատուած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ շէն, Հին շէն եւ Եղցահող գիւղերու մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ փոխադրամիջոցային կապը:
Ազրպէյճանը 13 դեկտեմբերէն խափանած էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կազի մատակարարումը: 16 դեկտեմբերին կազի մատակարարումը վերականգնուած է:


