Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ, ըսելով, որ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ առանձինն փորձեր կը կատարէ իր նախկին ակումբին` Ռէալ Մատրիտի մարզադաշտին մէջ:
Ֆութպոլիստը յատուկ արտօնութիւն ստացած է մատրիտեան ակումբէն` իր մարզավիճակը լաւ պահելու համար առանձին մարզուելու «Վալտեպեպաս» մարզադաշտին մէջ, հեռու արքայական ակումբի ֆութպոլիստներէն, որոնք իրենց փորձերը կը կատարեն գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի հետ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռէալ Մատրիտ ներկայիս շահագրգռուած չէ բանակցութիւններու մէջ մտնելու 37 տարեկան փորթուգալցիին հետ:
Ներկայիս Ռոնալտօ ազատ ֆութպոլիստ է. ան նախորդ նոյեմբերին փոխադարձ համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:


