Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.200 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 10.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 742.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 762.000 լ. ոսկի, մազութը` 794.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 467.000 լ. ոսկի:

ՄԱՔՍԱՏԱՆ գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ ներածումի եւ արտածումի հարցով ամէն բան կարգին է` աւելցնելով, որ մաքսատան ելեկտրոնային համակարգը վերսկսած է գործել երեքշաբթի ուշ գիշերին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն ներկայացուց կառավարութեան գումարած վերջին նիստին մթնոլորտը եւ քուլիսներու ետին իր կատարած միջամտութիւնը: Հաժժար յայտնեց նաեւ, որ կարելի էր սահմանադրական լուծում մը գտնել` քաղաքացիներուն կարիքները հոգալու նպատակով: Ան Ռայի պատրիարքին ներկայացուց նաեւ այն նախաձեռնութիւնը, որ կը միտէր ամրապնդել երկխօսութիւնը եւ կանխարգիլել սահմանադրութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպանատունը թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Իրան բազմիցս առաջարկած է օժանդակել լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք դուրս գան զիրենք բեռնաւորող տագնապէն, «սակայն Լիբանանի թշնամիները արգիլեցին այդ քայլերը եւ անհեթեթ պատճառաբանութիւններու հիման վրայ ճնշում բանեցուցին, որպէսզի հարցերը իրենց դրական աւարտը չունենան: Անոնք չեն փափաքիր օժանդակել Լիբանանին եւ կը ջանան արգիլել այլոց կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնները», կը նշէ գրառումը:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարութեան գաղտնի սպասարկութեան պետ Քեն Ուէյնսթէյն հաստատեց, որ իրենց համար Իրան եւ Հըզպալլա կը շարունակեն մնայուն սպառնալիք մնալ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ իրենք միջցամաքամասային առումով երկխօսութեան համաձայն են, սակայն ներքին լիբանանեան իմաստով կը մերժեն զայն` սպասելով կազմաւորման խորհուրդին:

Նախորդը

2022-ի Մոնտիալ-Քաթար. Արժանթին Մեծ Եւ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը` 3-0 Արդիւնքով Յաղթելով Խրուաթիոյ

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Միջազգային Եւ Արաբական Հաղորդակցութիւնները Յոյս Կը Ներշնչեն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.