Ուրբաթ, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը պիտի ներկայացնէ «5-րդ եղանակը» երաժշտախառն թատրերգութիւնը` մասնակցութեամբ պալէի դպրոցի աշակերտներուն եւ տհոլի խումբին, բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի, որ նաեւ հեղինակն է թատրերգութեան:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սիլվա Սողոմոնեանին հետ, որ յայտնեց, թէ երբ «Քորոնա» ժահրը նահանջեց, թատերախումբին անդամները սկսան տան մէջ թատրոնի փորձեր ընել եւ կարճ ժապաւէններ պատրաստեցին, աւելցնելով, որ 20 հոգինոց «Արեգ» թատերախումբը լրջօրէն իր փորձերուն սկսաւ մէկ տարի առաջ, հոկտեմբերին: Ան ըսաւ, որ անոնց տրուեցան տարրական թատերական տեղեկութիւններ դասընթացի պէս, նաեւ կատարեցին թատերական պզտիկ անպատրաստից փորձեր: Ամրան ընթացքին ծնողներու եւ հիւրերու դիմաց իւրաքանչիւր աշակերտ անհատական մենախօսութիւն մը ներկայացուց, թէ ի՛նչ է թատրոնը իրեն համար, ինչո՞ւ կը սիրէ եւ ինչպէ՞ս կը կապէ իր կեանքին: Այս նախաձեռնութեամբ աշակերտները փորձառութիւն շահեցան բեմի վրայ ելոյթ ունենալու: Ս. Սողոմոնեան յայտնեց, որ թատրերգութեան փորձերը սկսան այս տարեշրջանի վերամուտին` հոկտեմբերէն սկսեալ, շաբաթական երբեմն երկու անգամ, երբեմն անհատական փորձերով, աւելցնելով, որ պատանիները նախապէս քննարկեցին նիւթը, լաւապէս ընկալեցին եւ սիրեցին զայն եւ մեծ ուրախութեամբ պատրաստուեցան թատրոնին: Սողոմոնեան ըսաւ, որ դերասանները 8-16 տարեկան են եւ տարուան չորս եղանակները կը խորհրդանշեն 4 հանգրուանային տարիքները. մանուկ, պատանի, երիտասարդ, տարեց, ապա` աւելի մեծ: Սողոմոնեան նկատել տուաւ, որ երկրորդ դասարանէն սկսեալ նիւթը կրնան հասկնալ, որովհետեւ մէջը եղանակներու փոփոխութիւն կայ եւ անոնց զուգահեռ` պալէ, տհոլ, եւ մանուկը կը սիրէ նման գեղարուեստական կատարումներ: Երրորդ դասարանէն բարձր` մինչեւ իններորդ, աւելի լաւ կը հասկնան, որովհետեւ կրնան քննական միտքով դիտել: Ան աւելցուց, որ դերասանները այդ տարիքի են եւ շատ լաւ հասկցած են նիւթը:
Անդրադառնալով նիւթին` Սիլվա Սողոմոնեան բացատրեց, որ թատրերգութեան մէջ չորս տեսարաններ կան` գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ, եւ իւրաքանչիւր եղանակին մէջ դէպքեր կը պատահին, նաեւ փնտռտուք մը կայ լաւագոյն եղանակի համար, սակայն ի յայտ կու գայ, որ լաւագոյն բան չկայ, այլ ամբողջութիւնն է լաւագոյնը, իսկ ատիկա կը բացայայտուի 5-րդ եղանակին մէջ, որ կը բովանդակէ` հաշտութիւն, ուրախութիւն, լաւատեսութիւն, որոնք բոլորը մեզի կ՛արտօնեն, որ կեանքը աւելի լաւ ձեւով ապրինք ու վայելենք: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ երեխաները կը սիրեն կրկնութիւնը եւ թատրերգութեան մէջ չորս անգամ կը կրկնուի նոյն նախադասութիւնը. «Ո՞րն է լաւագոյն եղանակը», աւելցնելով, որ կրկնութիւնը ապահովութեան զգացում կու տայ իրենց, եւ վերջաւորութեան, երբ պատասխանը կը գիտնան, խաղաղութիւն կը գտնեն:
Յայտնենք, որ թատերախումբը հանդէս պիտի գայ հինգշաբթի` 15 եւ ուրբաթ` 16 դեկտեմբերին աշակերտական երկու ելոյթներով, իսկ ուրբաթ երեկոյեան` միայն մէկ ելոյթով:


