Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հէյլ. «Ուաշինկթըն Չի Փափաքիր Լիբանանի Մէջ Նախագահական Դատարկութիւն Վկայել»

December 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Ուաշինկթընի «Ուիլսըն» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը, որուն ընթացքին Հէյլ զեկուցեց Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասին:

Այս շրջագիծին մէջ Հէյլ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է ընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ լարուածութիւնը պիտի հանդարտի, երբ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու պեղումը արդիւնքներ ունենայ:

Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի եւ կ՛օժանդակէ երկրին ապահովական կառոյցներուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը ծանր է, եւ պէտք է զօրակցիլ նաեւ կրթութեան մարզին, որ ենթակայ է սուրիացի տեղահանուածներու ճնշումին:

Լիբանանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պարտադրած պատժամիջոցներուն եւ զայն իր սուր տագնապէն դուրս բերելու Ուաշինկթընի ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հէյլ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը եւ կատարէ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային դրամատան կողմէ պահանջուած բարեկարգումները:

«Բարեկարգումները չկատարելու պարագային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը փուլ պիտի գայ: Կը հասկնամ, որ լիբանանցիները արտաքին աշխարհին կը վստահին իրենց երկրին լուծումները, սակայն կը հաստատեմ, որ անոնք իրենց պատասխանատուութիւնը պէտք է կատարեն, եւ իրենց երկրին լուծումները միայն այդ ձեւով է, որ պիտի կարենան ապահովել», ըսաւ ան:

Հէյլ յայտնեց, որ կառավարութեան ձախողութիւնն ու երկրին մէջ ապակայունութիւնը պիտի նպաստեն Հըզպալլային, «հետեւաբար կը զօրակցինք պետական այն հաստատութիւններուն, որոնց տկարութիւնը Հըզպալլայի ցանկութիւնն է», ըսաւ ան:

Հէյլ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին ջնջել Լիբանանը` աւելցնելով, որ անիկա իրենց համար օգտակար չէ, այլ` Հըզպալլայի:

«Ուաշինկթըն չի փափաքիր Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութիւն վկայել, եւ ըստ երեւոյթին ոչ ոք կը յարգէ սահմանադրութիւնն ու նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտը», ըսաւ ան:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին անդրադառնալով` Հէյլ յայտնեց, որ միակ լուծումը անոնց կամովին տունդարձն է` աւելցնելով, որ միջազգային բոլոր հաստատութիւններուն տրամադրած գումարները անբաւարար են:

Նախորդը

Ժահժահ. «Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարին Դէմ Վեթօ Չունինք»

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.