Սրտի կաթուածի հետեւանքով 79 տարեկան հասակին մահացաւ նախկին պասքեթպոլիստ եւ մարզիչ Փոլ Սայլըս:
Մարզիկի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ամերիկացին դարձած է «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի եռակի ախոյեան (1974, 1976 եւ 1979) եւ երկու անգամ ալ մասնակցած է «Օլ-Սթար»-ի մրցումին:
Իսկ իբրեւ մարզիչ ան եղած է Սան Տիեկօ, Շարլոթ Հոռնեթց եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ ակումբներու մարզիչ:
Ան եղած է ամերիկացի անուանի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմսի առաջին մարզիչը:
Նշենք, որ անոր որդին` Սթիւըն Սայլըս, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Հիուսթըն Ռոքեթցի գլխաւոր մարզիչն է:


