Քաթար-2022-ի Մոնտիալի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին աշխարհի գործող ախոյեան ֆրանսան եւ Ափրիկէի ու արաբական աշխարհի ներկայացուցիչ Մարոքը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պէյթ» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ այս մրցումին գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 38 տարեկան մեքսիքացի Սեզար Արթուրօ Ռամոս, որ իրեն օգնական պիտի ունենայ իր ազգակիցները` Ալպերթօ Մորին եւ Միկել Հերնանտեզ:
«ՎԱՐ» համակարգին իրաւարարն է քանատացի Տրիու Ֆիշեր, իսկ անոր օգնականը` քոլոմպիացի Նիքոլաս Կալիօ:
Նշենք, որ Ռամոս այս Մոնտիալին սուլեց Դանիա-Թունուզ (0-0), Պելճիքա-Մարոք (0-2) եւ Փորթուգալ-Զուիցերիա (6-1) մրցումները:
Ֆրանսա իր կարելին պիտի ընէ հասնելու համար աւարտական հանգրուան եւ անշուշտ փորձելու անկէ անդին ալ երթալ: Եթէ Ֆրանսա յաջողի տիրանալ տիտղոսին, պիտի դառնայ Մոնտիալի պատմութեան մէջ երրորդ խումբը` Իտալիայէն եւ Պրազիլէն ետք, որ յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ տիտղոսին:
Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած բաւական մեծ անկարգութիւններուն լոյսին տակ, Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը այսօր պիտի ըլլայ արտակարգ դրութեան մէջ (մանաւանդ «Շան Զ՛Ելիզէ» շրջանին մէջ)` փորձելով առաջքը առնել խռովութիւններուն եւ անկարգութիւններուն` ֆրանսացի եւ մարոքցի համակիրներուն միջեւ:
Ոստիկանութիւնը օգտագործեց արցունքաբեր կազեր եւ կատարեց մեծ թիւով ձերբակալութիւններ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ մանաւանդ «Շան Զ՛Ելիզէ»-ի շրջանին գլխաւոր մայրուղին եւ կարգ մը թաղամասերը, ուր նախորդ շաբաթ խուլիկանութեան դէպքեր արձանագրուեցան, այսօրուան մրցումին եւ անկէ ետք մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը պիտի փակուին եւ պիտի ըլլան ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:


