Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրին ընդառաջումը մերժելէ ետք, Պըրրի երէկ յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարուելիք խորհրդարանի նիստին միակ օրակարգն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեսփոխանական պլոքները նիստի հրաւիրելը պէտք է յետս կոչել եւ գումարել նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի բաց նիստեր:
Պըրրի Ընդունեց Միքաթին
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Մեկնումի պահուն Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը տեղեակ պահած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր ունեցած դրական հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին:


