Նոա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Նոա ակադեմիային ներկայացուցիչները հանդիպեցան Վաղարշապատի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեանի հետ եւ անոր հետ քննարկեցին ապագայի համագործակցութեան եւ զարգացման հարցերը:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակադեմիայի թեքնիք տնօրէն Վիչենթէ Պենլոք երախտագիտութիւն յայտնած է քաղաքապետին` համայնքին կողմէ ակադեմիային տրամադրուած մշտական օժանդակութեան համար եւ անոր նուիրած` Վիարէալի ակումբին մարզաշապիկը:


