Արցախի տեղեկատուական շտապը կը յայտնէ, որ 10 դեկտեմբերին, ազրպէյճանական կողմը, հիմնուելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան նախապէս ուղղուած` Մարտակերտի շրջանի հանքավայրերուն մէջ հսկողութիւն կատարելու գրութիւնը, կը ծրագրէր այցելել Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրեր:
«Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան կողմէ, համաձայն անոնց վերադաս մարմիններու հրահանգին, թոյլատրուած է միանգամեայ տեսողական այցելութիւնը վերոնշեալ հանքավայրեր:
«Հաշուի առնելով, որ առաջարկուած ծրագիրը, սահմանուած կարգով, համաձայնեցուած չէ եղած Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ հանքավայրերը շահագործող կազմակերպութեան հետ` տեղւոյն վրայ, հանքարդիւնաբերական կազմակերպութեան աշխատակիցներու եւ յարակից համայնքներու բնակիչներու կողմէ ինքնաբուխ կերպով արգելափակուած է վերոնշեալ խումբի հանքավայրերու տարածք մուտքը:
«Ստեղծուած կացութիւնը լուծելու նպատակով հաւաքներու վայրեր մեկնած են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց կողմէ կատարուած բանակցութիւններուն հիմամբ իբրեւ արդիւնք որոշում որդեգրուած է դադրեցնել հանքավայրերուն մէջ նախատեսուած շրջայցը եւ այդ հարցին անդրադառնալ լրացուցիչ քննարկումներէ ետք:
«Կոչ կ՛ուղղենք Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն` ձեռնպահ մնալու չստուգուած լուրերու տարածումէն եւ հետեւելու բացառապէս պաշտօնական տեղեկատուութեան: Կը հաւաստենք, որ իշխանութիւններուն կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր քայլերը` աւելորդ լարուածութենէն խուսափելու համար, եւ բոլոր հարցերը Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն լուծելու ուղղութեամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսական կողմին դիւանագիտական գրութիւն մը յղած է: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ազրպէյճանական կողմը բազմիցս դիմած է խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութեան` անոնց տեղակայման վայրերուն մէջ բնական հարստութիւններու «ապօրինի շահագործումը» կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի վրայ անոր բացասական ազդեցութեան հետեւանքները վերցնելու համար:
Կը նշուի, որ շատ պարագաներու ազրպէյճանական կողմի այս յորդորներուն պատասխան չէ տրուած, խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած է «Ազրպէյճանի բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը կանխարգիլելու համար»:


