Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Չի Ճինփինկի հետ, որ շեշտեց, թէ Չինաստան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի բերած դրական ներդրումը` արաբական-չինական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
Ճինփինկ ընդգծեց, որ Չինաստան հետաքրքրուած է Լիբանանի հետ տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելով: Ան հաստատեց, որ Չինաստան պատրաստ է Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր կարիքներուն օժանդակելու, յատկապէս վերանորոգուող ուժանիւթի մարզին մէջ:
Իր կարգին, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի` տարիներ շարունակ հարաւային Լիբանանի կայունութեան պահպանումին իմաստով անոր բերած նպաստին համար, նկատի ունենալով տասնեակ տարիներու ընթացքին Չինաստանի մասնակցութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի չինական յաւելեալ ներդրումներու` ենթակառոյցի իր մարզին վերաբերեալ, եւ աւելցուց, որ Չինաստան ենթակառոյցի իմաստով հսկայական փորձառութիւն ունի:
Միքաթի մաղթեց նաեւ, որ չինական շուկաները բաց ըլլան ընկալելու լիբանանեան ձեռային արտադրութիւնները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին, որ ֆինանսաւորած էր նաեւ Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի կառուցման ծրագիրը:
Միւս կողմէ, Միքաթի Ռիատի մէջ տեղի ունեցած Արաբական-չինական վեհաժողովին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Լիբանան մեծ յոյսով կը վերաբերի այս վեհաժողովին եւ ճիգ պիտի չխնայէ իր եւ արաբ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ իր եւ Չինաստանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին` անոր յղած հրաւէրին համար, բարձր գնահատեց Արաբական լիկային ջանքերը` վեհաժողովը կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի խօսքը, որ իրենց ձգտումները անսահման են, եւ իրենց նպատակն է տնտեսութիւնը շատ աւելի ընդարձակել:
Միքաթի նշեց, որ տարօրինակ չէ, որ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած ըլլայ այդ վեհաժողովին վրայ, ուր կան մարդկային եւ բնական պաշարներ, որոնք կը շարժեն աշխարհին հետաքրքրութիւնը:
Միքաթի բարձր գնահատեց արաբական աշխարհին ու Չինաստանի միջեւ գործակցութեան լայն հորիզոնի բացումը եւ փոխադարձ փորձառութիւններէն օգտուելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպում` Մոհամետ
Պըն Սալման Իշխանին Հետ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման շաբաթ երեկոյեան ընդունեց Միքաթին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ պատմական կեցուածքներուն համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց սէուտական հիմնական դերակատարութիւնը` լիբանանցիները հաշտեցնելու եւ երկրին մէջ կայունութիւնն ու անդորրը վերահաստատելու` Թաէֆի վեհաժողովին ընթացքին ստորագրուած Ազգային ուխտով:
Լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկելու շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կառչած կը մնայ սէուտական իշխանութեան եւ բոլոր արաբական երկիրներուն, յատկապէս Արաբական ծոցի երկիրներուն դէմ չարիքը արգիլելու:
Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելն ու լիբանանցի ժողովուրդին եւ միջազգային ընտանիքին ձգտումները լրացնող բարեկարգումներու գործադրութիւնը:
Իր կարգին, գահաժառանգ իշխանը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ Ֆրանսայի կողքին լիբանանցիներուն տրամադրել մարդասիրական օժանդակութիւն:


