Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Ուաշինկթընի «Ուիլսըն» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադիր իշխանութեան վերակազմակերպումը` բարելաւելու համար պետական հաստատութիւններուն աշխատանքն ու դադրեցնելու համար երկրին դէպի անդունդ գահավիժումը:
Մեհրապի Մէջ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Հէյլն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ժահժահ Հէյլին ներկայացուց լիբանանեան առումով արձանագրուած զարգացումները` հաստատելով, որ ներկայիս պայմանները ձեռնտու են` հաւաքական եւ արմատական փոփոխութիւն կատարելու` սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն: «Պէտք է ընտրել հանրապետութեան գերիշխան նախագահ մը, որուն առաջնահերթութիւնը ըլլայ բարեկարգումի ծրագիր մը մշակել եւ երկիրը զետեղել փրկութեան հունին մէջ», շեշտեց Ժահժահ:


