Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Տնօրէններս. Բիւզանդ Եղիայեան

March 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ աշակերտութեանս առաջին երկու տարիներուն մեր տնօրէնը Բիւզանդ Եղիայեանն էր:

Այդ օրերուն փոքր աշակերտներս որեւէ առնչութիւն չէինք ունենար տնօրէնին հետ, եթէ անշուշտ կարգապահական կամ ուսումնական լուրջ դժուարութիւններ չէինք դիմագրաւեր: Մենք տնօրէնը կը տեսնէինք այն պահուն, երբ ան մանչերու շէնքի իր գրասենեակէն կ՛ուղղուէր դէպի տնօրէններու առանձնատունը, ուր կը բնակէր, կամ` իր բնակարանէն կ՛երթար մանչերու շէնք: Աշակերտներս անմիջապէս ոտքի կը կանգնէինք եւ ակնածանքով կը հետեւէինք տնօրէնին քայլերուն, մինչեւ որ անտեսանելի ըլլայինք իր կողմէ: Տնօրէնը կը տեսնէինք նաեւ առաւօտեան կարճ արարողութեան մը ընթացքին, երբ բոլոր աշակերտները կը շարուէին մանչերու շէնքին առջեւ եւ ՀԲԸՄ-ի կամ Մելգոնեանի քայլերգները կ՛երգէին: Այդ արարողութեան անպայման ներկայ կ՛ըլլար տնօրէնը, իրեն հետ նաեւ` քանի մը ուսուցիչներ:

Մելգոնեանի կեանքին ամէնէն յիշատակելի երեսներէն մէկը շաբաթ երեկոներն էին, երբ աշակերտները կը շարուէին բարերարներու դամբարանին առջեւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի կ՛ունենար: Այդ պահերը չափազանց ոգեշնչող էին մեզի համար, որովհետեւ լռելեայն խօսակցութիւն տեղի կ՛ունենար մեր եւ ֆիզիքապէս հանգած բայց հոգիով միշտ կենդանի բարերարներուն միջեւ:

Մենք անուղղակի կերպով երախտագիտութիւն կը յայտնէինք այդ մեծ հայերուն, որոնք իրենց ամբողջ ունեցածը կտակեր էին ազգին: Դամբարանի արարողութիւնը տօնական երեկոյի մը սկիզբն էր միշտ, որովհետեւ անոր կը յաջորդէր գեղարուեստական բարձրորակ հանդէս մը: Մելգոնեանի գիշերօթիկ ըլլալու հանգամանքը եզակի հնարաւորութիւններ կը ստեղծէր` դպրոցին մէջ հայեցի շունչով յագեցած մթնոլորտ մը ունենալու համար: Արդարեւ, այն մթնոլորտը, որ տիրական էր Մելգոնեանի մէջ, այսօր միայն դպրեվանքերու մէջ կարելի է ունենալ: Մելգոնեանի մէջ, հետաքրքրուած ըլլայիր կամ ոչ, հոգիդ կը լեցուէր հայկականութեամբ, հայրենասիրութեամբ, հայ մշակոյթի հանդէպ անսահման խանդաղատանքով, հայկական ամէն արժէքի հանդէպ երկիւղած պաշտամունքով: Այս բոլորը կը կատարուէին առանց մասնաւոր ճիգի, ինքնաբերաբար, բնականօրէն…

Բազմազան էին Մելգոնեանի հանդէսները` gala des amateurs-ներ, յոբելեաններ, ազգային տօներ, թատերական ներկայացումներ, ասմունքի երեկոներ, որոնք լրջօրէն կը պատրաստուէին պատասխանատու-ուսուցիչներու կողմէ: Այդ հանդէսները կ՛եզրափակուէին երգչախմբային կատարումներով: Մելգոնեանի մէջ գործող Վահան Պէտէլեանի կամ Սեպուհ Աբգարեանի երգչախումբերէն մէկը ելոյթ կ՛ունենար դասական երգերու շարքով մը, որ կ՛եզրափակուէր անպայման «Տէ՜ր, կեցո՛, դու զհայս» մաղթերգով: Սարսուռ պատճառող պահ  մըն էր ատիկա, որ մեզ կը մղէր խոկումի, ինքնասուզման ու վերացման:

Ինչպէս սովորութիւն է մեր ազգային կեանքին մէջ, հանդէսները կ՛ունենան վերջին եզրափակիչ խօսքը, որ աւանդաբար կը կոչուի «Հուսկ բանք»: Այդ խօսքը պարտադիր կերպով վերապահուած կ՛ըլլար տնօրէնին:

Ես շատ տնօրէններ ունեցեր եմ, շատերու հետ ալ համագործակցեր, բայց անոնցմէ ոչ մէկուն մօտ տեսած եմ այն նախանձախնդրութիւնը եւ հմտութիւնը, որ ունէր Բիւզանդ Եղիայեանը: Սովորաբար տնօրէնները այդ վայրկեանները կը լեցնեն շնորհակալական խօսքերով կամ գովասանքներով: Այդպէս կը պարտադրէ իրենց հանգամանքը: Ցերեկային վարժարան մը հնարաւորութիւն չի տար տնօրէնին, որպէսզի խորանայ իր մտորումներուն մէջ: Բայց Մելգոնեանի մէջ չկար ժամանակային սահմանափակում հասկացողութիւնը, աշակերտները միշտ տրամադրելի էին ժամանակի առումով:

Բ. Եղիայեանը սովորութիւն ունէր խորապէս անդրադառնալու նիւթին եւ հմտօրէն վերլուծելու գլխաւոր գաղափարները: Թէեւ բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը մատուցուած կ՛ըլլային գրողին կամ հանդէսին շօշափած նիւթին շուրջ, բայց մեր տնօրէնը չէր բաւարարուեր այդքանով եւ կը փորձէր տալ նաեւ իր մտորումները: Երբ ան բեմ կը բարձրանար, նայուածքը կը յառէր դիմացը, գլուխներէն վեր, անորոշ կէտի մը, ու կը սուզուէր իր յոյզերու ու միտքերու աշխարհին մէջ: Աշակերտներէն ոմանք յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տային, լաւ չէին հասկնար ըսուածները, բայց կային նաեւ լուրջ ու խելացի տղաք, որոնց ուշադիր նայուածքը կեդրոնացած կ՛ըլլար տնօրէնին վրայ, որովհետեւ յափշտակութեամբ կը կլանէին բոլոր ըսուածները:

Այդպիսի հանդէսներէն մէկուն ընթացքին էր, որ մեր տնօրէնը խօսեցաւ ժողովուրդի մը ապրած աշխարհագրական միջավայրին ու անոր ստեղծած երաժշտութեան առնչութիւններուն մասին: Օրինակ բերելով արաբական երաժշտութիւնը` ան մէկ ձեռքով  գծեց ուրուապատկերը ուղտերու կայարանի մը մինչ միւս ձեռքով կը փորձէր ձեւացնել աստղազարդ անապատային երկինք մը: Անգամ մը որ գծեց արտաքին պատկերը, սկսաւ հատուածներ վերարտադրել արաբական երաժշտութենէ, որ բնական ու հարազատ ծնունդն էր ադ միջավայրին: Յետոյ խօսեցաւ ափրիկեան ժողովուրդներու երգերուն մասին ու անոնց ծնունդը կապեց տաք կլիմային ու կուսական բնութեան: Այնուհետեւ Բ. Եղիայեանը անդրադարձաւ հայ երգին, որ երկու` ժողովրդական ու եկեղեցական ճիւղերով ճամբորդեր էր դարերու ընթացքին, բայց աւելի անխաբար մնացեր էր եկեղեցիներուն մէջ, որովհետեւ արտաքին ազդեցութիւններէ հեռու էր հայ եկեղեցին:

Այս բոլորը ինծի` 13-14 տարեկան աշակերտուհիիս համար ալ միայն նորութիւն էին, այլեւ` հետաքրքրութիւնս խթանող իրողութիւններ: Այդ օրուան «Հուսկ բանք»-ը անջնջելի կը մնայ իմ յիշողութիւններուս մէջ, եւ ամէն անգամ, որ կը հանդիպիմ Բիւզանդ Եղիայեան անունին, մտքիս մէջ կը վերայայտնուի անոր կենդանի պատկերը` անապատի, ուղտերու կարաւանի ու աստղազարդ երկինքի, մինչ շատ խորերէն, անորոշ տեղէ մը կը լսեմ խռպոտ ձայն մը` օ՜, օ՜, օ՜…

Ես վերջերս կարդացի Բիւզանդ Եղիայեանի մանկավարժական յօդուածները ամփոփող գիրք մը` «Սերունդի մը դաստիարակութիւնը», որ հրատարակուած է 1962 թուականին, Անթիլիասի տպարանէն: Կարդալով այդ գիրքը` ես անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ մեր տնօրէնը եզակի մանկավարժ էր, որովհետեւ չէր փորձեր նմանիլ ուրիշ մանկավարժներու: Այդ յօդուածներուն ընդմէջէն ինծի յայտնուեցաւ հայ կեանքին ու հայ դպրոցին բոլոր հարցերուն քաջածանօթ մարդ մը, որուն գաղափարները ընդօրինակուած չեն օտար մասնագէտներէ, այլ կը բխին զուտ հայկական մտահոգութիւններէ: Ան լաւապէս ծանօթ է սփիւռքահայ դպրոցին, անոր հնարաւորութիւններուն ու դժուարութիւններուն, որոնց լուծման համար կը բերէր իր իմաստուն առաջարկները:

Ես երջանիկ եմ, որ օր մը, տեղ մը Բիւզանդ Եղիայեանի նման մեծ մարդուն ու իմ` հասունութեան առաջին աստիճաններուն վրայ գտնուող աշակերտուհիիս քայլերը խաչաձեւուած են իրարու: Այդ խաչաձեւումը բարեբեր եղած է ինծի համար, որովհետեւ անոր միտքէն կայծեր ինկած են իմ հոգիիս մէջ, այդ կայծերը երբեմն ներշնչած են զիս, երբեմն ուղղութիւն տուած են ինծի` հայ դպրոցին նուիրուած մանկավարժական իմ աշխատանքներուս ընթացքին:

 

Նախորդը

Նուիրեալ Դաշնակցական Եզեկիէլ Պայրագտարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Անդրադարձ` ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեան Առիթով. Դաշնակցական Հսկային Քանդակուած Ժպիտը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.