Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերու 1/16 փուլի շրջագիծին մէջ, Մարոք-Սպանիա մրցումը աւարտին հասաւ Մարոքի յաղթանակով:
90 վայրկեանները լրացան ոչ մէկ կոլով, նոյնն էր պարագան յաւելուած լրացուցիչ ժամանակին: Մրցումին 120 վայրկեաններուն Մարոք առաւելաբար խաղցաւ պաշտպանական խաղ: Սպանիոյ պարագային գնդակի տիրապետումը 77 առ հարիւր էր, որ կը ներառէր 926 գնդակի փոխանցում` 91 առ հարիւր յաջողութեամբ: Մինչդեռ Մարոք 216 գնդակի փոխանցում կատարեց 71 առ հարիւր յաջողութեան տոկոսով: Այս թիւերը բաւարար չէին Սպանիոյ համար հասնելու իր նպատակին եւ արձանագրելու առաջին կոլը:
Խումբերը դիմեցին տուգանային հարուածներու, եւ Մարոք վերջապէս յաղթեց 3-0 արդիւնքով:
Մարոք պիտի մրցի Փորթուգալի հետ: Վերջինս յաղթած էր Զուիցերիոյ:


