Պրազիլի ֆութպոլի խումբի ֆիզիքական պատրաստուածութեան մարզիչն է Ֆապիօ Մահսերճեան, որ երէկ նշած է տարեդարձը: Խաղացողներն ու մարզիչներու խումբը շնորհաւորած են փրոֆեսէօրը:
«Կը շնորհաւորենք 2 նուէրով, շուտով ալ աւելի լաւը կը ստանաս», գրուած է Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
56-ամեայ Մահսերճեան ծնած է Սան Փաուլօ: Ֆիզիքական պատրաստութեան մարզիչ եղած է քանի մը պրազիլական ակումբներու, իսկ 2014-էն ի վեր կ՛աշխատի նաեւ Պրազիլի խումբին հետ:


