Մոնտիալ-2022-ի 1/16 եզրափակիչի վերջին մրցումին Փորթուգալ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Զուիցերիոյ:
17-րդ վայրկեանին սուր անկիւնէն կատարած դիպուկ հարուածով Կոնզալօ Ռամոս առաջ մղեց փորթուգալցիները: 33-րդ վայրկեանին Փեփէ գլխու հարուածով կրկնապատկեց իր խումբին առաւելութիւնը:
Խումբերը դադարի ուղղուեցան այս հաշուով: 51-րդ վայրկեանին Կոնզալօ Ռամոս հաշիւը դարձուց 3-0:
4 վայրկեան ետք, Կերրերոն հաշիւը դարձուց 4-0, իսկ 3 վայրկեան ետք Զուիցերիոյ խաղացող Աքանճին արձանագրեց Զուիցերիոյ առաջին եւ միակ կոլը:
67-րդ վայրկեանին 21-ամեայ Կոնզալօ Ռամոս արձանագրեց այս մրցումի իր 3-րդ կոլը, իսկ 92-րդ վայրկեանին Ռաֆայէլ Լիաուն հաշիւը դարձուց 6-1:
Այսպիսով, Փորթուգալ հասաւ քառորդ եզրափակիչ, ուր պիտի մրցի Մարոքի հետ:


