Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: