Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Պիտի Օգնեն Վերադարձնելու Կորսնցուցած Տարածքները» Կ՛ըսէ Պլինքըն

December 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրել, որպէսզի այդ երկիրը վերադարձնէ Ռուսիոյ յատուկ զինուորական գործողութեան պատճառով կորսնցուցած տարածքները:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն բոլոր ընթացիկ գործողութիւնները` Ուքրանիոյ ապահովելու անհրաժեշտ ամէն ինչով` կորսնցուցած տարածքները վերադարձնելու եւ պաշտպանելու համար:

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները, ըստ Պլինքընի, նաեւ տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Խրիմը Ուքրանիոյ վերադարձնելու առնչութեամբ յայտարարութիւններ չէ կատարած` նշելով, որ Քիեւի իշխանութիւնները իրենք կ՛որոշեն «ո՛ւր եւ ե՛րբ կ՛ուզեն երթալ»:

Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ պատասխանելով «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի գործադիր տնօրէններու խորհուրդի հարցումներուն հաստատած է, որ կը քննարկուի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ժամանակ գործուած յանցագործութիւնները հետաքննող անկախ դատարան ստեղծելու հարցը:

«Տեսէք, շատ կարեւոր է, որ կատարուածի պատասխանատուութիւնը ապահովուի», ընդգծած է ան:

Պլինքընի համաձայն, զինուորական յանցագործութիւններու մասին տեղեկութիւնները, անոնց կատարման ապացոյցները կը հաւաքուին «տարբեր ձեւերով», «ուքրանացիները իրենք ատիկա կ՛ընեն»:

«Ես չեմ ուզեր նախատեսել, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, սակայն կարեւոր է, որ այդ տեղեկատուութիւնը հաւաքուի», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Կարեւոր է, որ Ուքրանիան կարենայ, անհրաժեշտութեան պարագային, քրէական հետապնդում կատարել, սակայն մենք նաեւ կ՛աջակցինք Միջազգային քրէական դատարանի ջանքերուն` ապացոյցներ եւ տեղեկատուութիւն հաւաքելու համար», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ անոր, կը քննարկուի «անկախ դատարան մը, քրէական դատարան ստեղծելու հարցը»:

«Այս ամէնը սեղանի վրայ է», յայտարարած է Էնթընի Պլինքըն` ամփոփելով, որ տեղի ունեցածին համար պատասխանատուութիւն ստանձնելը «շատ կարեւոր է»:

30 նոյեմբերին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն Պրիւքսելի մէջ յայտարարած էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կ՛առաջարկէ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ ստեղծել մասնագիտացած դատարան` Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումի հետաքննութեան եւ քրէական հետապնդման համար:

 

Նախորդը

Էրտողան Յայտարարած Է, Որ Իրանի Սահմանին Մօտ Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձերը «Վախցուցած Են Թշնամիները»

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Քարիւղի Նոր Պաշարներ Յայտնաբերուած Են

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.