Մոնտիալ 2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու շրջագիծին մէջ, Խրուաթիան քառորդ եզրափակիչի 5-րդ մասնակիցը դարձաւ` յաղթելէ ետք Ճափոնին:
Ճափոնի դէմ 1/16 եզրափակիչի հանդիպման հիմնական ժամանակը աւարտին հասաւ 1-1 արդիւնքով: Լրացուցիչ ժամուն ալ կոլեր չարձանագրուեցան: Մրցող խումբերը այնուհետեւ տուգանային հարուածներու անցնելով խաղը աւարտեցին 3-1 Խրուաթիոյ յաղթանակով:
Խրուաթիոյ բերդապահ 27-ամեայ Տոմենիք Լիվակովիչ երեք հարուած ետ մղելով ապահովեց Խրուաթիոյ յաղթանակը:
Յիշեցնենք, որ քառորդ եզրափակիչին Խրուաթիան պիտի մրցի Հարաւային Քորէային յաղթած Պրազիլի դէմ:


