Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, մեկնաբանելով Եգէականի կղզիներուն վրայ յունական ռազմափորձերը, ըսաւ. «Աթէնք կը շարունակէ սադրանքները, եւ անկարելի է, որ Անգարան այդ առնչութեամբ լուռ մնայ»:
Ան ըսաւ, որ եթէ Յունաստան չհրաժարի ապազինեալ կղզիներու կարգավիճակի ոտնահարումէն, ապա այդ կղզիներու գերիշխանութեան հարցը այլ ձեւով պիտի քննարկուի:
«Յունաստան պէտք է դադրի ապազինեալ կղզիներու կարգավիճակը ոտնահարելէ, եւ ետ կանգնի ու յարգէ պայմանագրութիւնները, այլապէս Թուրքիան պէտք եղածը պիտի ընէ», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Մենք չենք կրնար այդ առնչութեամբ լուռ մնալ, եւ պիտի շարունակենք իրաւական գետնի վրայ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի մօտ եւ գետնի վրայ պէտք եղած քայլերը որդեգրել: Պէտք եղած բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք», ըսաւ Չաւուշօղլու:


