Այսօր` երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ունենայ մոնտիալ 2022-ի 1/16 փուլի շրջագիծին մէջ Սպանիա-Մարոք խաղը:
Այս գծով սպանացի խաղացող Փետրի սպանական «Սփորթ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Մարոք բարդ մրցակից է, մանաւանդ մարզիկներու ֆիզիքական կարողութիւններով, իսկ խումբը այս փուլին հասաւ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերելով: Ուստի ան յարգանքի արժանի է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Զալզուլիի հետ խօսակցութեան առիթ ունեցա՞ծ է, Փետրի ըսաւ, որ տակաւին նման առիթ չէ ընծայուած` վստահեցնելով, թէ այդ առիթը պիտի գայ, որովհետեւ ինք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Զալզուլիի հետ: Ապա աւելցուցած է, թէ Մարոք շատ յայտնի խումբ մը չէ, սակայն որակաւոր խաղացողներ ունի:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ որքանո՛վ սերտած է Մարոքի խումբը, Փետրի ըսաւ. «Տակաւին լուրջ սերտողութիւն չենք ըրած, նման սերտողութիւն կ՛ընենք մրցախաղէն մէկ կամ երկու օր առաջ, իսկ մարզիչը կը նշէ մրցակիցին թոյլ եւ ուժեղ կողմերը, թէեւ մենք դիտած ենք մոնտիալի խաղերը եւ պատկերացում մը ունինք, թէ ինչպէ՛ս կը խաղայ խումբը:


