Այսօր` երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին Մոնտիալ 2022-ի 1/16 փուլի շրջագիծին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փորթուգալ- Զուիցերիա մրցումը:
Մրցումի նախօրեակին, Փորթուգալի ժողովուրդը պահանջեց Ռոնալտոյի հեռացումը խումբէն: Փորթուգալի «Ափոլա» թերթի կազմակերպած հարցախոյզին, թէ արդեօք Ռոնալտոն պէ՞տք է շարունակէ Փորթուգալի խումբին հետ, արդիւնքը 70 առ հարիւրով ոչ էր: Ըստ անգլիական «Տէյլի Մէյլ» թերթին, Ռոնալտօ Մոնտիալ 2022-ի ամէնէն վատ խաղացողներու ցանկին մէջ է:
Ռոնալտօ մէկ կոլ կրցաւ արձանագրել ներկայ մոնտիալին, որ տուգանային հարուածի միջոցով էր: Ան մեծ առիթներ չկրցաւ ստեղծել մրցումներու ընթացքին, եւ նաեւ իր պատճառով ալ Հարաւային Քորէան յաջողեցաւ Փորթուգալի բերդին մէջ կոլ մը նշանակել:
Ռոնալտոյի միջին գնահատումը առաջին երեք խաղերուն 6,37 է:


