Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Միջեկեղեցական Պատասխանատուներ

December 1, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2022-ին Արամ Ա. կաթողիկոս մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջեկեղեցական պատասխանատուներ` Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով:

Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ, թէ ի՛նչ ձեւով վերոյիշեալ երկիրներու եկեղեցիները գործնապէս կրնան նպաստել խորհուրդի կարգ մը ծրագիրներուն: Նկատի ունենալով վեհափառ հայրապետին երկար տարիներու միջեկեղեցական հարուստ փորձառութիւնը` պատուիրակութեան անդամները փափաք յայտնած էին հայրապետին հետ եւս հանդիպում ունենալու:

Արամ Ա. նախ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց միջազգային մակարդակի վրայ միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապա լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միջեկեղեցական գործակցութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը կարգ մը մատնանշումներ կատարեց` շեշտելով եկեղեցիներու հաւաքական աշխատանքը աւելի ամրապնդելու եւ կրթական ու մարդասիրական ծառայութիւնը ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Աւարտին հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Կաթողիկոսին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց մայր տաճար, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ «Կիլիկիա» թանգարան:

Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ էին ՄԱԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Միշէլ Ապսը եւ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանը:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.