Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

November 29, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) խաղաղապահ ուժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք: Անոնք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը: Ան Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուց վեց ամիսէ ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայութեան լծուած հայոց բանակին առաքելութիւնը` յայտնելով, որ բանակի զինուորները իրենց պատասխանատուութեան աւարտին կը վերադառնան հայրենիք` լծուելու իրենց զինուորական ծառայութեան: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հայրական ջերմ սիրով ողջունեց մեր զինուորները, շեշտեց հայոց բանակին վիճակուած կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանութեան, անոր հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ազրպէյճանական յարձակումներուն դիմաց մեր բանակին ցուցաբերած մարտունակ ոգին եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակը վերակազմակերպելու անյետաձգելի հրամայականը` իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւն:

Յանուն զինուորներուն, հրամանատար Արտեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին անոր ջերմ ընդունելութեան եւ հայրական զօրակցութեան համար եւ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց անոր: Ապա, զինուորները շրջեցան մայրավանքի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթացան կաթողիկոսարանի առաքելութեան զանազան մարզերուն:

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

 

Նախորդը

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահ Ռիքըրի Հետ

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Սեպտեմբերեան Մարտերուն Զոհուած 13 Հայ Զինուորի Աճիւն Փոխանցած Է

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.