Չինաստանի մէջ նոր թափ կը ստանան կառավարութեան հակաքովիտեան քայլերուն աշխուժացման դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին ցուցարարները նաեւ հակակառավարական քաղաքական կարգախօսներ կը հնչեցնեն:
Հազարաւոր ցուցարարներ դուրս եկած են Շանկհայի փողոցներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` մանրամասնելով, որ իր թղթակիցները տեսած են, թէ ինչպէ՛ս մարդոց կը հրեն ոստիկանական մեքենաներու մէջ:
Ուսանողները ցոյցեր կատարած են նաեւ Փեքինի եւ Նանքինի համալսարաններուն մէջ:
Շանկհայի բողոքի ցոյցի ժամանակ մարդիկ բացայայտ կը բացագանչէին «Սի Ծինփի՛ն, հեռացի՛ր», «Համայնավար կուսակցութի՛ւն, հեռացի՛ր» կարգախօսները: Աղբիւրը կը գրէ, որ նման կարգախօսները բաւական անսովոր են Չինաստանի մէջ, ուր կառավարութեան եւ պետութեան ղեկավարի որեւէ ուղղակի քննադատութիւն, իբրեւ կանոն, տխուր կ՛աւարտի:
Վերլուծաբանները, սակայն, կը նշեն, որ կառավարութիւնը կարծես թէ շատ լուրջ թերագնահատած է հակաքովիտեան քաղաքականութեան նկատմամբ աճող դժգոհութիւնը:
Դժգոհութիւնը յատկապէս առնչուած է Սի Ծինփինին, որ վերջերս խոստացած է, որ խիստ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի:


