Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւմուտքը Պիտի Չկարենայ Իրանի Վարչակարգը Տապալել. Լիբանանի, Իրաքի Ու Սուրիոյ Մէջ Մեր Ազդու Քաղաքականութիւնը Տապալեց Ամերիկայի Ծրագիրը» Կ՛ըսէ Խամենէի

November 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի ազդու քաղաքականութեան արդիւնքը այդ երկիրներուն մէջ Ամերիկայի ծրագիրի ձախողութիւնը եղաւ»,  «Իրանի միջամտութեան արդիւնքը այդ երեք երկիրներուն մէջ Ամերիկայի պարտութիւնն էր: Անոնք ուզեցին իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Իրաքը, տապալել Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ Լիբանանի մէջ վերջ տալ Հըզպալլային ու Ամալ շարժումին, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ անոնք չյաջողեցան»:

Խամենէի «Պասիժի շաբթուան» առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Քուտս» ջոկատի սպաննուած ղեկավար Քասեմ Սուլէյմանին «շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրին վրայ Իրանի յաղթանակին մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունէր»:

«Պիտի շարունակենք շրջանին, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ դիմադրութեան ուժերուն աջակցութիւնը», յայտարարեց ան:

«Թշնամին կ՛ուզէ հիւլէական համաձայնութեան ճամբով արգելք հանդիսանալ, որ Իրան ինքզինք պաշտպանելու համար զէնքեր ու անօդաչու թռչող սարքեր արտադրէ», ըսաւ Խամենէի` շեշտելով. «Երբ հիւլէական համաձայնութեան հիմամբ մեր յանձնառութիւնները կատարեցինք, Ամերիկան չգործադրեց իր յանձնառութիւնները»:

«Ամերիկայի հետ մեր խնդիրները բանակցութեամբ կարելի չէ լուծել, եւ Ուաշինկթըն միայն իրերայաջորդ առանձնաշնորհումներ առնել կ՛ընդունի», ըսաւ Խամենէի` հարց տալով. «Իր հայրենիքին նկատմամբ նախանձախնդիր ո՞ր իրանցի քաղաքացին պատրաստ է Իրանի ուժին հարցով Ամերիկային զիջումներ կատարելու»:

«Արեւմուտքը կ՛ուզէ տապալել Իրանի վարչակարգը, սակայն պիտի չյաջողի», յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

Նախորդը

«Մեր Շահերէն Մեկնելով` Որոշեցինք Իսրայէլի Մէջ Դեսպանատուն Բանալ, Իսկ Պաղեստինի Մէջ` Ներկայացուցչական Գրասենեակ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Վերաբերեալ Թուրքիոյ Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Կրնանք Լուծել Երկխօսութեան Ճամբով» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.