Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Պետական Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետի Տեղակալը Խօսած Է Հայաստանի «Վրէժխնդրական Ուժերուն», Սպառազինութիւններ Գնելու Եւ «Սադրանքներու» Մասին

November 25, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան (ՊԱԾ) պետի առաջին տեղակալ զօր. Ճէյհուն Շատլինսքի Պաքուի մէջ խորհրդաժողովի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է յատուկ ուշադրութիւն յատկացնել Հայաստանի «վրէժխնդրական ուժերուն, սպառազինութիւններու գնումներուն եւ «սադրանքներուն»:

Շատլինսքիի յայտարարութիւնները շարունակութիւնն են Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գիծին` վարկաբեկելու ռուս խաղաղապահները եւ «տեղեկատուական հող» նախապատրաստելու Հայաստանի եւ Արցախի վրայ նոր յարձակումի համար:

«Հայաստանի վրէժխնդրական ուժերը ամբողջ ուժով կը փորձեն խանգարել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը», ըսած է ՊԱԾ-ի պետի տեղակալը:

Շատլինսքի նշած է. «Կը մտահոգէ այն փաստը, որ Հայաստան միջոցներ կը տրամադրէ սպառազինութիւններու եւ բանակաշինութեան համար` գերազանցելով իր ելեւմտական կարելիութիւնները, կը փորձէ  տարբեր երկիրներէ գնել արդիական սպառազինութիւն եւ զինուորական սարքեր, բոլոր կարելի միջոցներով կը ձգտի յետաձգել խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը»:

Անոր համաձայն, «յատուկ ուշադրութեան արժանի են Ազրպէյճանի տարածքով, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, զինուորական սպառազինութեան ուղարկման եւ այնտեղ տարբեր սադրիչ գործողութիւններ կատարելու պայմաններու ստեղծման հարցերը»:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Ամերիկեան Թեմայի Մասին

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.