Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Վաղը, 22 նոյեմբեր 2022-ին կը լրանայ Լիբանանի անկախութեան հռչակման 79-ամեակը: Արդարեւ, 22 նոյեմբեր 1943-ին Լիբանանը թօթափեց Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հաստատուած ֆրանսական հոգատարութիւնը եւ դարձաւ ինքնիշխան երկիր: Արդէն գոյութիւն ունէին խորհրդարանի կառավարութիւն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ, որոնք ֆրանսական պետութեան կողմէ նշանակուած բարձր յանձնակատարի մը հսկողութեան տակ` կ՛իրականացնէին երկրին կառավարումը: Ներքին ինքնավարութեան այս տարազին նպատակը երկրի ժողովուրդը վարժեցնել էր պետական իշխանութեան կիրարկման:

Լիբանանեան ազգ գոյութիւն չունի: Լիբանան չի յաւակնիր ազգ-պետութիւն դառնալու: Լեռնալիբանանի աւանդական աշխարհագրական միաւորին բազմաթիւ հողերու կցումով, ստեղծուած է հողամաս մը, որուն վրայ կ՛ապրին 16 կամ 17 տարբեր ազգային միաւորներ, որոնց համայնք անունը կը տրուի: Լիբանան երկրին մէջ գոյութիւն ունին քրիստոնեայ եւ իսլամ բազում յարանուանութիւններու հետեւորդ, փոքր ու մեծ ժողովուրդներ: Այս պատճառով, հոգատար Ֆրանսան երեւակայած էր այնպիսի պետութիւն մը, որուն համայնքները ո՛չ միայն պիտի վայելէին անձնական իրաւունքի, այսինքն` սեփական կենսակերպի ազատութիւն, այլ նաեւ երկրին կառավարման մասնակցութիւն ունենալու իրաւունք: Եթէ մշակութային, կրթական եւ այլ իրաւունքներ ունէին բոլորը, պետական վարչաձեւին մասնակցութիւնը հիմնականին մէջ վերապահուած էր յարաբերաբար բազմամարդ եօթը համայնքներու:

Գլխաւոր պաշտօնները` հանրապետութեան նախագահ, խորհրդարանի նախագահ, վարչապետ, վերապահուեցան յաջորդաբար մարոնի, շիի եւ սիւննի համայնքներուն: Այս բաժանումը, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօններու համայնքներուն վերապահուող նշանակումները սահմանադրական հիմք չունին: Հետեւանք են Ազգային ուխտ յորջորջուած բանաւոր համաձայնութեան մը, որ անկախութեան նախօրեակին գոյացուցած են այդ անկախութեան համար պայքար մղած օրուան ղեկավարները:

Ահա այս փխրուն տարազն է, որ մօտ ութսուն տարիներէ ի վեր հիմք կը ծառայէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին, թոյլ չտալով միասնական պետական վարչաձեւի մը գոյառումին: Լիբանանը պարբերաբար կ՛ենթարկուի ցնցումներու, ոմանք բարեբախտաբար կարճատեւ, ոմանք դժբախտաբար երկարատեւ, այս գեղեցիկ ու հարուստ կարելիութիւններով օժտուած երկիրը վերածելով մնայուն տագնապներով յատկանշուած խառնարանի մը: Դրացի ու հեռաւոր երկիրներու կողմէ միջամտութիւնները, Լիբանանի տարանցիկ հնարաւորութիւններէն օգտուելու, զանոնք շահագործելու նկրտումները, այս երկիրը կը պահեն խռովայոյզ վիճակի մէջ:

Ութսունամեակ մը առաջ, 1940-ական թուականներուն, երբ լիբանանցիները պայքարի կը ձեռնարկէին անկախութեան տիրանալու համար, վստահաբար չէին երեւակայեր, որ նման աւարտ կ՛ունենայ այդ ձգտումին իրականացումը: Անկախութիւնը, ինքնորոշման ճամբով ինքն իր ճակատագիրին տէր կանգնելու ձգտումին արդար պսակումն է: Անկախութիւնը պիտի դառնայ հիմքը ազատութեան, բարգաւաճման, ժողովուրդի բոլոր հատուածներու խաղաղ համակեցութեան: Անկախութեան հայրերը կ՛երեւակայէի՞ն արդեօք, որ 1975-ին սկսած քաղաքացիական կռիւներէն ու 1990-ին գոյացած նորոգուած Ազգային ուխտէ մը ետք, հարկ պիտի ըլլայ աւելի քան քսան տարիներ վատնել ամուլ վէճերով ու իշխանութեան բաժնեկցութեան զազրելի պայքարներով: Լիբանանի քաղաքական կեանքը տնօրինելու կոչուած բազմահամայնք սակաւապետութիւն մը, իբրեւ թէ կառչած համայնքային իրաւունքներու յարգումին, սեփական շահերու հետապնդումով պատանդի վիճակի մատնած է երկրին քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ թոյլ չի տար կայացումը կայուն ու յուսալի քաղաքական միջավայրի մը:

1960-ական թուականներուն, անկախութեան հռչակումէն հազիւ տասնհինգ տարիներ ետք, Լիբանան կը թուէր նուաճած ըլլալ կայացած պետականութեան մը բարիքները: «Ազդակ»-ի 21 նոյեմբեր 1964-ի խմբագրականը կը հաստատէր. «Փոքր երկիր մըն է Լիբանան, հազիւ երկու միլիոն բնակչութեամբ, բայց մեծ է իր բարոյական վարկը միջազգային գետնի վրայ` իբրեւ երկրի մը, որ ձեռնհաս պատուիրակներով կը ներկայացուի միջազգային ժողովներու մէջ, ներկայացուցիչներ, որոնց խօսքը կշիռ ունի»:

Անկախութեան այս տարեդարձը մաղթենք, որ դառնայ զգաստութեան առիթ մը Լիբանանի քաղաքական վարիչներուն համար, որպէսզի անկախութեան հայրերուն համախոհական ոգիով, երկիրը վերադարձնեն իր նախկին փառքին:

 

 

Նախորդը

Այծը Դարձեալ Թռիչք Առաւ…

Յաջորդը

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը` Ախորժաբեր Լիբանանահայ Թատրոնին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.