Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այծը Դարձեալ Թռիչք Առաւ…

November 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ն. Գ. (Նախագրութիւն). Այս սիւնակը Ռուսիան պաշտպանելու կամ դատելու նպատակով չենք արձանագրեր:

***

Յայտնի խօսք է հետեւեալը. «Եթէ թռի ալ, այծ է»: Անհրաժեշտ չենք նկատեր բացատրել, թէ սա ի՛նչ առիթներով կը գործածուի:

Այս պատկերը յիշեցինք` ի տես եւ ի լուր չորեքշաբթի օր Ուքրանիոյ սահմանին մօտակայ լեհական գիւղի մը վրայ հրթիռի մը արձակման լուրին եւ անոր գտած իրերայաջորդ արձագանգներուն:

Լուրը «պայթեցաւ», երբ մասնաւորաբար արեւմտեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ լեհական սահմանամերձ գիւղի մը վրայ հրթիռ մը ինկած է, եւ ամբաստանութեան սլաքները, նիզակնե՛րը ուղղուեցան Ռուսիոյ դէմ: Լեհաստանի ու Ուքրանիոյ ղեկավարները առաջնորդեցին շեփորախումբը` յայտարարելով, որ ռուսերը կը փորձեն տարածել Ուքրանիոյ պատերազմը: Ռուսիա հակադարձեց եւ յայտարարեց, որ ինք կապ չունի դէպքին հետ: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ հրթիռը… ուքրանական օդուժէն արձակուած է. կան անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ: Քիչ ետք Արեւմուտքը բացայայտ ետդարձ մը կատարեց եւ ընդունեց, որ հրթիռը ուքրանական է, յայտնապէս սխալմամբ արձակուած է (հարց չդրուեցաւ, թէ նման արարքով մը արդեօք Ուքրանիան չէ՞ պատերազմի գօտին ընդարձակելու փորձ ընողը, մանաւանդ որ Ուքրանիոյ ղեկավարը վերջին օրերուն, Խերսոնի ծանօթ զարգացումներէն ետք, նոր շեշտաւորում տուած է բարեկամներէ օգնութեան իր հայցերուն եւ անոնց թերացումներուն ուղղուած լուռ մեղադրանքներուն): Ետքայլին միացաւ ՕԹԱՆ-ի իմաստուն ղեկավարը` Սթոլթենպերկ, հաստատելով, որ ռմբակոծողը ռուսերը չեն, սակայն (եւ ահա ճիշդ այս կէտէն թռիչք առաւ այծը) նման վատ զարգացումներու պատասխանատուն Ռուսիան է: Ան մինակ չմնաց այս խորիմա՜ստ մտածումին մէջ:

***

Պահ մը մէկդի ձգենք Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ բանակռիւը, անոր գտած նոր տարածքը, եւ պարզ աչքով դիտենք իրողութիւնները:

Քարտէսին մէջ կ՛երեւին ռուս-ուքրանական (արեւմտեան) հակամարտութեան գօտիները. ռուսական հրթիռներ վերջին օրերուն աւելի յաճախ կը հասնին Քիեւ, ուքրանացիք կը գանգատին, որ «պարտութեան մատնուող» ռուսերը քար ու քանդ ըրած են մայրաքաղաքին եւ այլ աւաններու ենթակառոյցները, ժողովուրդը զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ (իսկ ձմեռն ու սղաճը արդէն կը խայթեն ո՛չ միայն Ուքրանիան, այլ նաեւ` եւրոպական երկիրներ): Եթէ պատերազմի եւ ռմբակոծման-հրթիռարձակման գօտիները ըլլային Լեհաստանի սահմաններուն մօտերը, բանական մարդը կը մտածէր, թէ հաւանական է, որ քանի մը հրթիռ կրնան «փախուստ տալ» եւ շեղիլ բուն նպատակներէն, հասնիլ լեհական գիւղը:

… Մարդիկ հաւանաբար մոռցած են, որ Եուկոսլաւիոյ տարանջատման ահաւոր պատերազմներուն ալ երբեմն ամերիկեան հրթիռներ կը հարուածէին իրենց պաշտպանեալները կամ «սխալմամբ» կը հարուածէին Չինաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքը: Սակայն յստակ է, որ չորեքշաբթիի հրթիռակոծման թիրախը հեռու է վտանգաւոր շրջաններէն (նշուած նետով մը), աւելի՛ն, Լեհաստանը ուքրանացի գաղթականներու ապաստարաններէն մէկն է, թէեւ հիմա շատ չի խօսուիր այն դժբախտ իրականութեան մասին, որ մեծ թիւով գաղթականներ կան սահմանային նշեալ գօտիներուն մէջ (նաեւ` այլուր):

***

Հարցում. ինչո՞ւ լուսարձակի տակ կը բերենք այս միջադէպը. պարզապէս անո՞ր համար, որ անմեղներու մահուան պատճառ եղաւ, կամ անիմաստ հակաճառութեան պատճա՞ռ դարձաւ:

Այս ու նման մտահոգութիւններ անտեղի չեն, սակայն մեզի` հայերուս համար կայ այլ ծալք մըն ալ: Այս ու նման դէպքեր ու անոնց գտած արձագանգները պէտք է մեզի ցուցանիշ ըլլան, թէ արդարութիւն, իրաւունքի պաշտպանութիւն ակնկալողները (Արեւելքէն թէ Արեւմուտքէն) ինչպիսի՜ «իմաստուններու» հետ գործ ունին: Սա յուսահատուելու հրաւէր չէ, յամենայն դէպս, այլ` իմաստնանալու:

***

Նոյն օրը Հայաստանի համար դրական ազդանշան մը եկաւ Ֆրանսայէն. ծերակոյտը միայն մէկ դէմ քուէով որդեգրեց Հայաստանի դէմ ազերիական թշնամանքները դատապարտող բանաձեւ մը եւ կառավարութենէն պահանջեց պատժամիջոցներ որդեգրել Պաքուի դէմ:

Ո՛չ ոք կրնայ դժգոհիլ նման բանաձեւի որդեգրումէն, եթէ… թուրք եւ ազերի չէ: Ի դէպ, առաջին անգամը չէ, որ Ֆրանսա եւ այլ բարեկամ երկիրներ Ազրպէյճանը դատապարտող, Թուրքիան ցեղասպան հռչակող բանաձեւ կ՛որդեգրեն եւ անվերապահօրէն արժանացած են հայութեան ու ընդհանրապէս արդարատենչերու ողջոյնին: Կարեւորը ա՛յն է, որ նման բանաձեւեր պէտք չէ ձգուին դարակներու կամ խորհրդարաններու արխիւներուն մէջ, այլ պետական ու քաղաքական ձեռքեր պէտք է բռնեն զանոնք ու հետամուտ ըլլան անոնց գործադրութեան (անշուշտ հարց կը մնայ, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը` գործադիր իշխանութիւնը, պիտի ընդառաջէ՞, եւ ի՞նչ չափով, միայն խօսքո՞վ, թէ՞ նաեւ գործքով):

Փաստօրէն, գոնէ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր ծագերէն հնչած են ազերիական ու թրքական ոճիրները դատապարտող յայտարարութիւններ, սակայն երկու բռնատիրական եւ ոճրագործ երկիրներուն դարպասումը նոր թափ ստացած է, իսկ հայկական դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական բազուկները (նա՛եւ սփիւռքի մէջ) սպասուած թափով եւ տարածքով չեն հետապնդեր Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ կեցուածքները, բանաձեւերուն կենսագործումը, իսկ մասնակի ճիգերը միայն սահմանափակ արդիւնքի կը հասնին: Օրինակի համար, անհրաժեշտ ուժգնութեամբ չեն բացայայտուիր-յիշեցուիր թրքական ուղղակի միջամտութիւնները` 44-օրեայ պատերազմին (ահաբեկիչներու հարց, զինական-զինուորական աջակցութիւն եւ այլն): Աւելի՛ն. Երեւանի իշխանութիւնը որեւէ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ տրամադրութիւն ցոյց չի տար «Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն պատրաստող» Ազրպէյճանի ու զայն հովանաւորող Թուրքիոյ դէմ: Ազգային ժողովի բեմէն հնչող մեղադրանքները կարծէք թէ ներքին յաճախորդներու համար են, վաղը, եթէ բանակցութիւնները վերսկսին, բանակցողները պիտի օրինակեն «Զաքարիայի պապանձումը»…

Յ. Գ.- Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ դիտաւորութիւնները ծանօթ են. իւրաքանչիւրը ունի իր «թռչող այծը»: Կը մնայ, որ հայ որսորդներ գործի լծուին ու վար բերեն թռչող այծերը, գործնական դաշտ փոխադրեն մեր արդար պահանջներուն կենսագործումը, մերժեն այն տրամաբանութիւնը, թէ` «Ամբողջ աշխարհը մեզի դէմ է, ի՞նչ կրնանք ընել»: Ահա փաստ, որ ամբողջ աշխարհի միշտ մեզի դէմ չէ, ու մենք պէ՛տք է բան մը ընենք:

16 նոյեմբեր 2022

Նախորդը

Արցախի Գոյութիւնը` Վտանգի Դէմ Յանդիման

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.