Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Գոյութիւնը` Վտանգի Դէմ Յանդիման

November 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Սոչիի վերջին հանդիպումէն ետք Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ ռուսական հրապարակուած պաշտօնական կեցուածքը, թէ հարցին քննարկումը պէտք է ձգել յաջորդ սերունդներուն, այլ խօսքով,  տագնապը պէտք է սառեցնել, կը նշանակէ, որ Ազրպէյճան յամառօրէն կառչած կը մնայ իր համոզման վրայ, որ Ղարաբաղի տագնապ գոյութիւն չունի, որովհետեւ անիկա լուծուած է քառասունչորսօրեայ պատերազմով:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ ռուսական նման կեցուածք գոյութիւն ունի: Ան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ռուսերը բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են, թէ, ըստ իրենց, ճիշդ մօտեցումը Արցախի կարգավիճակի հարցին յետաձգումն է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ առարկայականօրէն ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ գտնելու այնպիսի կարգավիճակ մը, որ ընդունելի կ՛ըլլայ կողմերէն: Այսինքն պաշտօնական Պաքու կտրականապէս կը մերժէ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գոյութիւնը:

Սոչիի հանդիպումէն բխած յայտարարութիւնն ալ ընդհանուր քննարկումներու եւ բանակցութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնար, որովհետեւ յստակ ոչ մէկ որոշումի մը գործադրութեան մասին ակնարկութիւն կար: Իսկ երբ նկատի կ՛ունենանք Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգման մասին հայկական կողմին առաջարկը մերժուեցաւ, պատկերը առաւել յստակ կը դառնայ, որ` Արցախ կը գտնուի չափազանց վտանգաւոր գօտիի մը մէջ, ուր արցախցիին` իբրեւ ժողովուրդի, ինքնորոշման իրաւունքը ոչ մէկ ձեւով նկատի կ՛առնուի միջազգային ընտանիքին կողմէ: Այս իրողութիւնը հայկական ճակատը դէմ յանդիման կը դնէ դառն իրողութիւններու, ուր նժարը կը թեքի ուժի եւ ոչ թէ արդարութեան կողմը:

Միւս կողմէ` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումները, թէ Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ անիկա լուծուած է պատերազմի միջոցով, կացութիւնը առաւել կը ծանրացնէ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն իսկական միտումները կը բացայայտէ` արցախցիները ազրպէյճանական օրէնքով պատժելու, նոյնիսկ բնաջնջելու իմաստով, որովհետեւ ազրպէյճանական լուծին տակ Արցախ մը շուտով, գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ մը կրնայ հայաթափուիլ:

Հայաստանի պետութիւնը այլեւս երաշխաւորը չէ Արցախի եւ արցախցիներուն ապահովութեան ու գոյութեան: Ասիկա առաւել քան յստակացաւ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով, զգուշացուց, որ առանց ռուսական խաղաղապահ ուժերուն` Արցախը գոյութիւն չ՛ունենար: Բաբայեանի այս հաստատումը կը նշանակէ, որ արցախցիներուն գոյութեան եւ Արցախի ինքնիշխան տարածքներուն ապահովութեան երաշխաւորը ոչ թէ Հայաստանի պետութիւնը, այլ ռուսական խաղաղապահ ուժերն են: Մոսկուա այս իրականութիւնը շատ լաւ գիտէ եւ զայն կը դիտէ հարաւկովկասեան իր ընդհանուր դերակատարութեան ծիրին մէջ: Հայկական կողմը այս տուեալին վրայ առաւելաբար պէտք է սեւեռէ իր ուշադրութիւնը, որպէսզի Արցախը փրկուի հայաթափումէ, որովհետեւ ազրպէյճանական որոշ կեցուածքներ Արցախի գոյութեան սպառնալիքին թարգմանն են: Առաջինը կը վերաբերի նոյնինքն ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որոնց առաքելութեան երկարաձգման համար հայկական առաջարկը մերժուեցաւ Ալիեւի կողմէ: Երկրորդ սպառնալիքը կ՛առնչուի ազրպէյճանական կեցուածքին, որուն մասին խօսեցաւ Փութին, երբ կենսական համարեց Ազրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ Արցախի մասին նշումը, որ սակայն անկարելի է, եթէ Ազրպէյճան համաձայն չգտնուի: Իսկ երրորդը կը վերաբերի Ալիեւի կեցուածքին, որ հակառակ Փութինի պնդումներուն` շեշտեց, որ այլեւս Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 132-Ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Այծը Դարձեալ Թռիչք Առաւ…

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.