Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Եւ Լեհաստանը Փորձած Են Բախում Հրահրել Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղղակի» Կ՛ըսէ Նեպենզիա

November 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիան եւ Լեհաստանը` օգտագործելով սահմանին հրթիռներու իյնալը, փորձած են ուղղակի բախում հրահրել Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան:

«Եթէ հանդիպումը նախատեսուած չըլլար, ապա անիկա պէտք է հրաւիրուէր` քննարկելու Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ ուղղակի բախում հրահրելու Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի փորձերը: Այս երկու պետութիւններու ղեկավարութիւններուն բացարձակ անպատասխանատու յայտարարութիւնները չեն կրնար այլ ձեւով ընկալուիլ», ըսած է ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որ նուիրուած էր Ուքրանիոյ կացութեան:

Նեպենզիան ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, մեղադրելով Ռուսիան, չի կրնար չիմանալ, որ Ուքրանիոյ կողմէ արձակուած հրթիռները հարուածած են Լեհաստանի տարածքը:

«Այս կը նշանակէ, որ եղածը ոչ միայն կանխամտածուած ապատեղեկատուութիւն է, այլ նաեւ գիտակցուած փորձ` Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ հետ անուղղակի պատերազմ մղող ՕԹԱՆ-ը մեր երկրին հետ անմիջական բախման մէջ ներքաշելու», աւելցուցած է մնայուն ներկայացուցիչը:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Լեհական տարածքներուն մէջ հրթիռներ պիտի չիյնային, եթէ Ուքրանիոյ վրայ ռուսական պատերազմը տեղի չունենար»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր կարգին ըսաւ. «Ամերիկեան վարչակազմին ստացած տեղեկութիւնները կը հաստատեն լեհական եզրակացութիւնները, թէ հրթիռը, որ Լեհաստանի մէջ ինկաւ, Ուքրանիայէն արձակուած է»:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարք Միլլի իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ակնկալեմ, որ շուտով պիտի ստանանք հաստատ տուեալներ հրթիռի արձակուած վայրին  եւ ուղղութեան մասին, եւ յարմար պահուն բոլոր մանրամասնութիւնները յստակ պիտի ըլլան, սակայն հիմա կանուխ է այդ մասին խօսելու, մանաւանդ որ հետաքննութիւնները կը շարունակուին»:

Նախորդը

«Օմանի Ծոցին Մէջ Քարիւղատարին Վրայ Յարձակած Անօդաչու Թռչող Սարքը Իրանի Արտադրութիւն Է» Կ՛ըսէ Ամերիկեան Բանակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.