Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ անոր դաշնակիցները կը հետաքննեն պայթումը, որուն պատճառով Լեհաստանի մէջ երկու զոհ արձանագրուեցաւ, սակայն նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ ատիկա Ռուսիայէն արձակուած հրթիռի պատճառով չէր:
Պայտըն այս մասին հաղորդեց «Քսաններու խմբակ»-ի Ինտոնեզիոյ Պալի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի մասնակից ղեկավարներու` Լեհաստանի մէջ հրթիռի պայթումին հարցով արտակարգ ժողովի գումարումէն ետք:
Պատասխանելով Ռուսիոյ մեղսակցութեան վերաբերեալ հարցումի մը` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ. «Նախնական տեղեկութիւններ կան, որ կը հերքեն այդ մէկը: Չեմ ուզեր ատիկա ըսել, մինչեւ որ հարցին շուրջ համապարփակ հետաքննութիւն կատարենք, սակայն անհաւանական է, որ Ռուսիայէն արձակուած ըլլայ` նկատի ունենալով անոր (հրթիռին, «Ա.») կտրած յետագիծը, սակայն տեսնենք»:
Պայտըն աւելցուց, որ իր երկիրն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները դէպքին շուրջ համապարփակ հետաքննութիւն պիտի կատարեն նախքան որեւէ քայլի դիմելը:
Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի երեկոյեան արեւելեան Լեհաստանի Ուքրանիոյ սահմանակից Փրշեւոտաւ գիւղին մէջ պայթումի պատճառով 2 զոհ արձանագրուած էր:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներու համաձայն, ըստ նախնական արդիւնքներու, հաւանական է, որ Լեհաստանի մէջ ինկած հրթիռը արձակուած էր ուքրանական ուժերու կողմէ` վնասազերծելու համար ռուսական հրթիռ մը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ուքրանիա-Լեհաստան սահմանին մօտ թիրախներու դէմ հարուածներ չեն եղած` նշելով. «Լեհաստանի մէջ ռուսական հրթիռներու իյնալուն մասին խօսակցութիւնը տագնապը մագլցումի մղելու համար դիտաւորեալ սադրանք է»:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Մենենտեզ յայտարարած էր. «Ռուսիոյ կողմէ Լեհաստանի դիտաւորեալ ռմբակոծումը պիտի յանգեցնէ ՕԹԱՆ-ի ուխտի 5-րդ յօդուածի կեանքի կոչման»:
Լեհաստանի Ծերակոյտի խորհրդական Մարսին Զապորովսքի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Եթէ դէպքը արկած էր, ապա Ռուսիան ներում պէտք է հայցէ, եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ զինուորական հակադարձութիւն պիտի կատարուի, եթէ դէպքը դիտաւորեալ էր»:
Լեհական կառավարութիւնը իր զինեալ ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրած էր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք պէտք է յարգենք Ռուսիոյ կողմէ կատարուող յայտարարութիւնները: Մեզի համար կարեւոր է, որ Ռուսիան կը պնդէ, թէ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին հետ որեւէ կապ չունի: Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպումին ժամանակ ան եւս կ՛ընդգծէր, որ տեղի ունեցածը պէտք է մանրակրկիտ հետաքննութեան ենթարկուի: Այն հանգամանքը, որ Ռուսիան կը պնդէ, որ այս բոլորին հետ կապ չունի, իսկ Պայտընը կը յայտարարէ, որ հրթիռները ռուսական արտադրութեան չէին, հաւանաբար է կը վկայեն, թէ Ռուսիան այս միջադէպին հետ իրապէս կապ չունի: Չի բացառուիր, որ խօսքը թեքնիք սխալի մասին է»:
Էրտողանի համաձայն, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը պէտք չէ խոչընդոտէ նաեւ ուքրանական ճգնաժամի խաղաղ լուծման փորձերը:
«Կը կարծեմ` այն պնդումները, թէ տեղի ունեցածը ինքնին Ռուսիոյ մեղքն է, պիտի սրեն կացութիւնը: Մենք այժմ կը փորձենք Ռուսիան եւ Ուքրանիան շուտափոյթ կերպով նստեցնել բանակցային սեղանի շուրջ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա երէկ երեկոյեան խոստովանեցաւ, որ երկրի տարածքին մէջ ինկած հրթիռը ամենայն հաւանականութեամբ պատկանած է ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան:
«Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը հրթիռներ արձակած է տարբեր ուղղութիւններով: Մեծ է հաւանականութիւնը, որ այդ հրթիռներէն մէկը ինկած է Լեհաստանի տարածքին մէջ: Ամենայն հաւանականութեամբ, ատիկա ռուսական արտադրութեան, 70-ականներուն արտադրուած, «Էս-300» տիպի հրթիռ եղած է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ոչ մէկ ապացոյց կայ, որ ասիկա Լեհաստանի վրայ դիտումնաւոր յարձակում է: Տուտա ընդգծած է, որ Վարշաւան չի կրնար հաստատել, որ այս հրթիռը արձակուած է ռուսական զօրքերուն կողմէ:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ իր կարգին հաստատած է, որ, ըստ նախնական տուեալներու, հրթիռը իսկապէս պատկանած է ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան:


