Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի 80-Ամեակի Ճաշկերոյթը` Նիւթաբարոյական Ողջունելի Զօրակցութիւն Մը

March 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 փետրուար 2012-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութեան, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ արժանի շուքով տօնուեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը, աւելի քան երկու հարիւր յարգելի հիւրերու ներկայութեամբ:

80-ամեակի ճաշկերոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը  Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին: Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Ազգ. Աբգարեան վարժարանի երբեմնի աշակերտներէն, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ կառավարիչ, ներկայիս Credit Libanais դրամատան արտաքին կապերու ընդհանուր խորհրդատու Մկրտիչ Պուլտուգեան: Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի պետական նախարար Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրըլեան, Քաղաքապետական խորհուրդի հին ու նոր անդամներ, ինչպէս նաեւ` յարգարժան ազգայիններ, բարերարներ եւ պատկան մարմիններու, վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հոգաբարձութեան խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով ներկայացուց հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Պէօյիւքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ հօր, օրուան նախագահին եւ բոլոր հիւրերուն, որոնք յարգելով վարժարանին 80-ամեայ վաստակը` ներկայ եղան ճաշկերոյթին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց  SEALCO հաստատութեան ներկայացուցիչին` Շատի Հատտատին, որովհետեւ վերջին տարիներուն SEALCO հաստատութիւնը հետեւողականօրէն կ՛օժանդակէ վարժարանի տարեկան ձեռնարկներուն` շօշափելի նուիրատուութեամբ:

Վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան  վեր առաւ քաջութիւնը բոլոր անոնց, որոնք իրենց տքնաջան աշխատանքով գիշերը կը դարձնեն ցերեկ: Հիմնադիրներէն փոխանցուած աւանդով` առաջնորդը, պատկան մարմինները, հոգաբարձութիւնը, թաղականութիւնը, ուսուցիչները, բարեսիրական թէ հայրենակցական միութիւնները իրենց կարելին ի գործ կը դնեն լուսաւորելու համար նորահաս սերունդին ճամբան, որուն անդրադարձը կը ցոլայ 80-ամեակի առիթով հրատարակուած գրքոյկին մէջ, ուր վարժարանի բովէն անցած աշակերտներ այս ջերմ օճախին մարդակերտման եւ հայակերտման դերակատարութիւնը վեր առած են, նշեց տնօրէնուհին:

Ապա Հայաստանէն այս առիթով հրաւիրուած հայրենի երգիչ Վարդան Բադալեան ճոխացուց մթնոլորտը` վարպետ կատարողութեամբ մեկնաբանալով հայրենաշունչ բարձրորակ երգեր, ընկերակցութեամբ «Աղթամար» նուագախումբին եւ ներկաներուն պարգեւեց երանութեան պահեր: Ձեռնարկին տոհմիկ մթնոլորտը իր իւրայատուկ ջերմութեամբ խանդավառեց նաեւ հայրենի երգչուհի Աննա Խաչատրեան:

Գեղամ արք. Խաչերեան իր առաջնորդական խօսքին մէջ գնահատեց հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը` շեշտելով, որ անոնք ընթացիկէն աւելին յաջողած են իրագործել` Ազգ. Աբգարեան վարժարանի 80-ամեայ երթին նուիրուած յոբելենական այս ձեռնարկին առիթով ի մի խմբելով ազգայիններ, որոնք հայ դպրոցի դերին ու առաքելութեան հաւատալով հաւաքուած են հայ դպրոցին շուրջ: «Հայ դպրոցին առաքելութիւնը դարերէ ի վեր կը մնայ նոյնը` կենսական եւ ապագայակերտ», դիտել տուաւ սրբազան հայրը, ապա «Կարմիր ժամուց»-ի օրինակով ներկաներուն թելադրեց ընդմիշտ զօրակցիլ հայ դպրոցին` բարոյապէս եւ  նիւթապէս ու այդպէսով պահպանել հայ ազգին արժէքները` ընդդէմ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնք կը խոչընդոտեն հայ ժողովուրդի հեզասահ երթը` իբրեւ գիտակից հաւաքականութեան:

Օրուան նախագահ Մկրտիչ Պուլտուգեանի  մեծապարգեւ նուիրատուութեան յաջորդեցին սրտաբուխ այլ նուիրատուութիւններ: 80-ամեակի առիթով Յարութիւն Պէօյիւքեանի նուիրած գրիչները, յատկապէս մակագրուածները, փոխանցեցին օրուան խորհուրդով համակուելու ուրախութիւն:

80-ամեակի ձեռնարկը իր իւրայատուկ մթնոլորտով խանդավառեց ներկաները, որոնք իրենց լիաբուռն նուիրատուութեամբ ճաշկերոյթին հասոյթը հասցուցին մինչեւ 30 հազար ամ. տոլարի` առ ի զօրակցութիւն Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Ձօն Ուսուցչուհիիս` Յասմիկ Նաճարեանին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.