Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընթրիք-Հանդիպում` Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի

November 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար ժողովին առիթով, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` հրաւէրով Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լիբանանի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչական կազմեր, շրջաններու մասնաճիւղերու ատենապետներ, կառոյցներու տնօրէններ եւ գեղարուեստական պատասխանատուներ:

Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գօչունեան-Թաշճեան:Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Համազգայինի դերակատարութեան` նշելով, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ կը յաճախեն աւելի քան 670 պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 վարչական ընկերներ:

Ապա «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակի ուսուցիչ Արմէն ճէնտէրէճեան նուագի  կտոր մը ներկայացնելով հմայեց ներկաները, որմէ ետք սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան հիասքանչ ձայնով պոռթկացուց ներկաներու հայրենասիրական յոյզերը:

Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ եւ դաշնակի վրայ իւրայատուկ ելոյթ ունեցաւ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան:

Այնուհետեւ հերթաբար  սրտի խօսքեր ուղղեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան:

Երեկոն շարունակուեցաւ խմբային «Կիլիկիա» երգով` ընկերակցութեամբ ներկաներուն: Զանազան երկիրներէ եկող Կեդրոնական վարչութեան անդամներ  հերթաբար ուղղեցին իրենց սրտի խօսքերը: Աւարտին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան` շեշտը դնելով Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի առաքելութեան եւ տարուած աշխատանքներուն վրայ: Համազգայնականները բաժնուեցան ոգեւորուած,  յոյսով ու հաւատքով, որ յառաջիկայ տարիներուն, հակառակ յամեցող դժուարութիւններուն, մշակութային ոլորտի բեղմնաւոր գործունէութիւնը աւելիով կը  ծաւալի ու կ՛ընդարձակուի:

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Յաջորդը

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.