Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Հանդիսաւոր Ընդունելութեամբ Նշուած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Հիմնադրութեան 20-Ամեակը

November 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով 9 նոյեմբեր 2022-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն:

Այս նախաձեռնութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա Աղաջանեան, Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեան, Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր հիմնական քաղաքական խումբերէն մեծ թիւով երեսփոխաններ: Ներկայ էին նաեւ Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններ, Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գործընկերներ եւ բարեկամներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ջանքերը եւ արժեւորեց մասնակիցներու գործունէութիւնը` հայկական երկու պետութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու համար: Տէր Խաչատուրեան հակիրճ ներկայացուց Հայ դատի խորհուրդի համաշխարհային ցանցը, անոր առաքելութիւնը եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ձեռքբերումները:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ողջունեց ներկաները` գնահատելով անոնց ջանքերը ի նպաստ Հայ դատի պայքարի, մասնաւորապէս` Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու գարգացման գործին մէջ: Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անցնող տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին սատար կանգնելու եւ արդարութեան առաջամարտիկ ըլլալու համար: Յատուկ շեշտուեցաւ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ իր 20-ամեակը, ինչ որ բուռն աշխատանքի տարիներ էին, եւ կը մերժէ որեւէ փաստաթուղթ կամ իրողութիւն, որ կ՛ոտնահարէ հայ ժողովուրդի, մասնաւորապէս Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեան իր կարգին շնորհաւորեց ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը` նախորդ 20 տարիներու ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն համար, գնահատելով դեսպանատան եւ յանձնախումբին միջեւ արդիւնաւէտ ու ջերմ համագործակցութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս, Եւրոպական խորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիոմ եւ Ֆրանսուա Ալֆոնսին նոյնպէս ելոյթներով հանդէս եկան, շնորհաւորեցին Հայ դատի գրասենեակը, արժեւորեցին անոր գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատեցին սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Արցախի եւ Հայաստանի կողքին ըլլալու եւ յանուն արդարութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքի պայքարը շարունակելու գործին մէջ:

Հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ իրենց նուիրուածութիւնը վերահաստատած են նաեւ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս եւ ֆլամանախօս բարեկամական խումբերու ղեկավարներ Անտրէ տը Պիւսը եւ Քարլ Վանլաուեն, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Ֆլամանական խորհրդարանի երեսփոխան Ալեսիա Քլաս:

Նախորդը

Պաքուն Փաշինեանի Յայտարարութիւնները Կը Գնահատէ Իբրեւ «Շրջանին Մէջ Լարուածութիւնը Սրելու Միտումնաւոր Փորձ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 87-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.