Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին «Հրապարակ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Եթէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը կարծէ, որ եթէ դուք քննադատաբար կը մօտենաք իրենց, կը գնահատէք այնպէս, ինչպէս իրենց հաճելի չէ, եւ ատիկա հիմնաւորում է, որ արգիլեն (Հայաստան) մուտքը, ապա Հայաստանը միապետութիւն է, եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ որեւէ քննադատութիւն կը նկատուի յարձակում միապետի վրայ: Այդ պարագային, ի հարկէ, այնպէս կը նկատուի, որ ես մեղաւոր եմ, որովհետեւ անպատուած եմ «նորին մեծութիւնը», երբ հարցերը իրենց անուններով կոչած եմ, եւ ոչ մէկ միջանցք այստեղ կապ չունի, այլ կապ ունի այն դաւաճանական գիծը, որ Հայաստանի իշխանութիւնը յառաջ կը տանի, երբ հարցը կը վերաբերի Արցախի ինքնորոշման եւ Արցախի հայերու ու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան»:
«Մենք Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն ոչ մէկուն Ռուսիա մուտքը արգիլած ենք` անկախ անկէ, թէ անոնք ի՛նչ կարծիքներ կ՛արտայայտեն», ըսած է Զաթուլին` աւելցնելով. «Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ խնդիր չկայ, որ եթէ ասոր կամ անոր մուտքը արգիլեն, ատիկա պիտի հանդուրժուի… մենք ուղղակի մեծ մարդիկ ենք եւ համբերատարութիւն կը դրսեւորենք, սակայն անիկա անսահման չէ: Եթէ ատիկա շարունակուի, ապա պիտի պահանջենք, որ այդ նոյն հիմամբ արգիլուի Ռուսիա մուտքը Հայաստանի յարգելի պատգամաւորներու, որոնք չամչնալով` Ռուսիան կը մեղադրեն բոլոր մեղքերուն մէջ: Մենք ալ կ՛անցնինք նման գործելաոճի, սակայն տակաւին կը սպասենք»:


