Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Թափուր Աթոռի Լոյսին Տակ. Նախազգուշական Եւ Զիջումներ Կատարելու Կոչերը Կը Շեշտուին

November 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան հինգերորդ փորձի ձախողութեան լոյսին տակ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի խորհրդարանական նիստին, հետզհետէ բացայայտուեցան առնչակից կողմերու  արձագանգներն ու հակազդեցութիւնները: Անոնցմէ ոմանք պահանջեցին սահմանադրական յօդուածներու տրամադրութեանց կիրարկումը,  մինչ հակադիր կողմեր այդ կեցուածքները նկատեցին քաղաքական հեռանկարով յարուցուող սահմանադրական «պատրուակներ»: Կարգ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղեցին խորհրդարանի նիստի ներկայութեան պատկերը պահել եւ հարկադրել երեսփոխանները շարունակելու իրենց ներկայութիւնը: Այլապէս, ներկայ երեսփոխաններու թիւին հիման վրայ ընտրել նախագահը` հիմնուելով սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածի տրամադրութեան վրայ: Աւելի՛ն, տեղական թէ արտաքին կողմեր շեշտեցին զգուշութեան եւ զիջումի կոչերը` խուսափելու համար առաւել վտանգաւոր կացութեան յանգումէն:

Այս ծիրին մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողովը իր ամսական հերթական նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց ճիգերը համադրելու` բարւօք լուծման յանգելու համար, շեշտելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նմանապէս, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն զգուշացուց ներկայ ընթացքով դէպի առաւել վտանգաւոր պայմաններու գահավիժումի վտանգէն` կոչ ուղղելով առնչակից կողմերուն համերաշխօրէն գործակցելու, փրկելու համար ընկղմելու վտանգին տակ գտնուող «լիբանանեան նաւը»:

Այլ խօսքով, բոլորին մտասեւեռումը ուղղուած է գրեթէ նոյն մտավախութիւններուն` տիրող ապրուստի եւ ընկերային-տնտեսական պայմաններու ճնշումին բերումով ժողովրդական պոռթկումի եւ արտաքին պայմաններու յառաջացուցած ճնշումներուն բերումով տիրող անորոշ կացութեան վրայ, որ կը սպառնայ երկրի ապահովական կայունութեան խախտումին:

Այս ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ քննեց երկրի յատկապէս ապահովական վիճակը, նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներ վերջին ամիսներուն աշխուժ գործունէութեան կը ծրագրէին` «բռնկեցնելու» համար Լիբանանի ապահովական վիճակը: Այս առիթով Մաուլաուի հաստատեց, որ կացութիւնը հակակշիռի տակ է, եւ ապահովական ամրագրումի քայլերը կը շարունակուին: Նոյն ծիրին մէջ, Պետական անվտանգութեան կառոյցէն տարրեր աչալուրջ կը հետեւին երկրին մէջ ապահովական խախտումի փորձերուն, եւ այս գծով անոնք երէկ ձերբակալեցին երկար ատենէ ի վեր հետապնդուող երեք կասկածելի տարրեր:

Միւս կողմէ, արտաքին կողմերը կը ջանան իրենց կարգին նպաստել Լիբանանի կացութեան բարեփոխման ու կայունութեան ամրապնդման: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկուշաբթի եւրոպացի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ խորհրդակցին այլ հարցերու կողքին նաեւ Լիբանանի կացութեան շուրջ վերահաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ Լիբանան այցելած ամերիկացի դիւանագէտ Սամանթա Փաուըր երէկ վերահաստատեց իր երկրին Լիբանանի գերիշխանութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: «Լիբանան այսօր առիթ ունի աւելի լաւ օրերու ի նպաստ ծրագիր մշակելու», ընդգծեց Փաուըր:

Այս մթնոլորտին առընթեր բողոքի ելոյթները շարունակուեցան երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Ցուցարարները կը դժգոհէին ամերիկեան տոլարի սակագինի ահաւոր բարձրացումէն, որ դարձեալ հասած էր 40 հազար լիբանանեան ոսկիի սեմին: Քաղաքացիներ շեշտեցին, թէ իրենց հիմնական պահանջը կայուն ու ապահով օրապահիկի հայթայթումն է:

Նախորդը

Հանդիպում Նախարար Մաուլաուիի Հետ. Բողոք` Ներքին Գործոց Նախարարին. Բագրատունի. «Կը Յարգենք Բոլորը, Սակայն Չենք Հանդուրժեր Վարկաբեկում Եւ Նենգափոխում»

Յաջորդը

Զաթուլին. «Համբերատարութիւն Կը Ցուցաբերենք, Սակայն Եթէ Այսպէս Շարունակուի, Պիտի Արգիլենք Ռուսիա Մուտքը Հայաստանի Հանրապետութեան Պատգամաւորներու, Որոնք Չամչնալով` Ռուսիան Բոլոր Մեղքերով Կը Մեղադրեն»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.