Թրքական «Կազեթէքարընճա» լրատուամիջոցը «Պաքու-Երեւան բանակցութիւններ. կարելի՞ է խաղաղութեան պայմանագիր» յօդուածին մէջ ներկայացուցած է Միրզոյեան-Պայրամով ուաշինկթընեան հանդիպումը: Ապա` Հայաստան-Ազրպէյճան հոլովոյթին մասին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանի եւ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի մեկնաբանութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Փայլան նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները չմիջազգայնացնելու կարեւորութիւնը` յառաջ քաշելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պէտք է լուծէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրը:
«Հակառակ պարագային, եթէ լուծման սեղանը Միացեալ Նահանգները ձեւաւորեն, Ռուսիան խնդիր պիտի յառաջացնէ: Ռուսիան առանց այդ ալ այստեղ որեւէ լուծում չ՛ուզեր: Չլուծուածութեան հիման վրայ կը շարունակէ շրջանին մէջ իր տիրակալութիւնը», նշած է Փայլան` շեշտելով, որ խաղաղութիւնը ապահովող երկիրը պէտք է Թուրքիան ըլլայ, սակայն Թուրքիոյ մէջ տակաւին այդ կամքը չկայ:
Բագրատ Էսթուքեանն ալ նշած է, որ Թուրքիան ունի միջնորդ ըլլալու աշխարհաքաղաքական դիրք, սակայն արդէն 30 տարի է, որ կորսնցուցած է այդ կարելիութիւնը: Խօսելով այն մասին, թէ Թուրքիան հրաժարած է Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, Էսթուքեան ընդգծած է.
«Եթէ Թուրքիան Հայաստանի հետ կապ հաստատէր, այնքանով, որքանով ատիկա կը պահանջեն դրացիական յարաբերութիւնները, այսինքն` յարաբերութիւններ հաստատէր այնպէս, ինչպէս հաստատած է Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Իրաքի, Իրանի եւ նոյնիսկ վերջին շրջանին Սուրիոյ հետ, ապա այսօր կրնար ստանձնել միջնորդական պարտականութիւն: Սակայն Թուրքիան այդ կարելիութիւնը մերժած է սխալ քաղաքականութեամբ, ազգայնական զգացումներէ եւ թուրանական ձգտումներէ բխող դիրքորոշումով: Թուրքիան բանակցութիւնները կ՛արգելակէ նախապայմաններով: Հիմա յառաջ քաշուող-պարտադրուող նախապայմանը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումն է: 30 տարի շարունակուող բախումներու շրջանը յանձնառութիւններով պիտի չաւարտի»:


