Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Կովկասի խնդիրներու լուծման ճամբան կ՛անցնի շրջանի երկիրներու մայրաքաղաքներէն եւ ոչ թէ արտաշրջանային ուժերուն դիմելու ճամբով: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է հայ-ազրպէյճանական շարունակուող լարուածութեան լոյսին տակ:
«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը միշտ շեշտը դրած է դրացիներու կողմէ իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան վրայ», ըսած է բանբերը:
«Իրան կը դատապարտէ ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումը եւ կ՛աջակցի կովկասեան երկիրներու միջեւ վէճի խաղաղ լուծման` միջազգային օրէնքին համապատասխան», յայտնած է Քենաանի:
Ան աւելցուցած է, որ իսլամական հանրապետութիւնը անգամ մը եւս կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը` օգնելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու տարբեր ձեւաչափերով, ներառեալ երկկողմ, եռակողմ, ինչպէս նաեւ «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան մեքանիզմով, որուն մէջ ներկայացուած են Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը, առաւել` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը:
Իրանցի պաշտօնատարը մատնանշած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մէկ օր առաջ կատարած յայտարարութիւնները, որոնց միջոցով ան դժգոհութիւն յայտնած էր Իրանի եւ Հայաստանի պաշտօնատարներուն միջեւ վերջին հանդիպումներուն առնչութեամբ` Թեհրանը մեղադրելով Երեւանին չափազանց մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու յանցանքով:
«Մեր սկզբունքային քաղաքականութիւնը հիմնուած է բարի դրացնութեան եւ բոլոր դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման վրայ», ըսած է Քենաանի` նշելով, որ Իրան երբեք չ՛ամրապնդեր իր կապերը դրացիի մը հետ` ի վնաս միւսին:
Ան ըսած է, որ արդէն շուրջ երկու տարի է, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտօնատարները տարբեր քաղաքական, զինուորական եւ անվտանգութեան մակարդակներու վրայ կապի մէջ են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր պաշտօնատարներու հետ` ճամբայ հարթելով դէպի խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն, ինչին աջակցած է իսլամական հանրապետութիւնը:
«Սակայն մեզի համար անհասկնալի է Հայաստանի հետ մեր բարի դրացիական մակարդակով բնական հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ անոնց անհանգստութեան պատճառը», ըսած է Քենաանի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Իրանի սահմաններու երկայնքին վերջին ռազմափորձերը սովորական եւ նախապէս ծրագրուած քայլեր էին, որոնց մասին նախապէս պաշտօնական ուղիներով տեղեկացած էին շահագրգիռ դրացիները:


