Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիրող Մտահոգիչ Պայմաններուն Զուգահեռ. Լիբանանցիներու Հայեացքը Ուղղուած Է Խորհրդարանի Նիստին

November 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուի, որ լիբանանեան խորհրդարանը այսօր` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերին գումարէ հինգերորդ նիստ մը նախագահի ընտրութեան փորձով: Այս գծով եւ հակառակ տիրող ընկերային եւ յատկապէս տնտեսական ու ապրուստի կենցաղային  մտահոգիչ եւ տագնապալի պայմաններուն, լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը իր հայեացքը սեւեռած է խորհրդարանի ուղղութեամբ` նախագահական ընտրութեան «սպիտակ ծուխի» ակնկալութեամբ: Այսուհանդերձ նախագահական ընտրութեան յաջող քայլի մը գծով տարակարծութիւն կը տիրէ: Ոմանք կը խորհին, թէ այս նիստը կրնայ փրկարար ելքի մը յանգիլ, մինչ ուրիշներ յոռետեսութեամբ ու թերահաւատ տրամադրութեամբ կը հետեւին կացութեան զարգացումներուն: Խորքին մէջ այս հարցը իր առանցքային կարեւորութեամբ հիմնական օրակարգի վրայ է նաեւ ղեկավարներու խորհրդակցութեանց ընթացքին:

Այս ծիրին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի ՄԱԿ-ի կողմէ ընդհանուր համակարգող Թուր Ուինսլենտը, որուն հետ պարզեց շրջանի ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը: Այս առիթով ՄԱԿ-ի պատուիրակը շեշտեց Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրագրումը: Նոյն ծիրին մէջ Միքաթի երէկ ընդունեց նաեւ Քանատայի արտաքին գործոց խորհրդարանական հարցերու փոխնախարար Ռոպըրթ Օլիկանթը, որուն հետ նոյնպէս քննեց շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու իրավիճակը: Այս առիթով քանատացի դիւանագէտը ընդգծեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը Լիբանանի օժանդակութեան` միաժամանակ վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման: Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը արծարծուեցաւ նաեւ Ճափոնի դեսպանին հետ, որ հրաժեշտի այցելութեամբ ժամանած էր վարչապետարան:

Ներքին ճակատի մանրամասնութեանց մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար գործիչներէն նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ երեկոյեան այցելեց Մաարապ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութեան համար: Բնականաբար նախագահական ընտրութեան հարցը առաջնակարգ օրակարգ էր այդ խորհրդակցութեանց ընթացքին:

Այսուհանդերձ, նաեւ քաղաքական ղեկավար կողմեր անյոյս կը նկատեն խորհրդարանի այսօրուան նիստէն խոստմնալից որոշումի հրապարակումը: Աւելի՛ն, յոռետեսներու մեծամասնութիւնը մտավախութիւն ունի ընկերային եւ ապրուստի կենցաղային տագնապալի ճնշումներու լոյսին տակ ապահովական կացութեան բռնկումի հաւանականութենէն: Վերջին 48 ժամերուն լիբանանեան «սեւ շուկային» մէջ ամերիկեան տոլարի արժեգինի «սաւառնումը» եւ անոր պատճառով ստեղծուած իրարանցումը հիմնական ցուցանիշ էր: Նմանապէս, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի գլխաւորած ապահովական ընդլայնուած նիստը նախանցեալ օր իր կարգին յաւելեալ պատճառ էր, յատկապէս որ վերջին չորս ամիսներուն ապահովական պատկան ուժեր յայտնաբերած ու ձախողեցուցած են ահաբեկչական ութ խմբաւորումներու` Լիբանանի կայունութեան խախտումի ճիգերը: Նմանապէս նաեւ բանակը յայտարարեց, թէ վերջերս ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, որոնք խոստովանած են, թէ ծրագրած էին լիբանանեան տնտեսական, քաղաքացիական եւ նոյնիսկ հոգեւոր վայրերու դէմ խափանարար արարքներ կատարել: Այս բոլորին զուգահեռ արտաքին շրջանակներ դեսպանատուներու թէ պատուիրակներու ճամբով յաճախակի պատգամներ յղած են լիբանանեան պատկան մարմիններուն` զգուշացնելով զանոնք ապահովական կացութեան բռնկումի վտանգէն:

Այս մթնոլորտին մէջ դէտեր անհաւանական կը նկատեն նախագահական մօտալուտ ընտրութեան կարելիութիւնը, մինչ տոլարի արժեգինի սաւառնումը առաւել եւս մղձաւանջի կը մատնէ քաղաքացիները, հակառակ անոր մասնակի նահանջին երէկ երեկոյեան լիբանանեան շուկային մէջ:

Արդ, արտաքին ապահովական զգուշացումներու եւ ներքին տնտեսական ու ապրուստի ճնշումներու մթնոլորտի լոյսին տակ լիբանանցի ղեկավարներ կրկնակիօրէն յանձնառու կը զգան «շարժելու»` ի սպաս Լիբանանի կացութեան բարեփոխման, որ անհրաժեշտօրէն կը սկսի նախագահական ընտրութեան իրագործումով: Յառաջիկայ շաբաթները կրնան առաւել եւս բացայայտել կողմերու կեցուածքներն ու անոնց առաջադրած «իսկական թեկնածուներու» անունները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սթրազպուրկի Քաղաքապետական Խորհուրդը Հայաստանին Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.