ԼԻԲԱՆԱՆ հասած ամերիկացի դիւանագէտ Սամանթա Փաուըր երէկ լիբանանցիներուն «աւետեց» թէ իր երկիրը աւելի քան 72 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին: Այս գումարը պիտի յատկացուի 650 հազար խիստ կարիքաւոր ընտանիքներու, ներառեալ Լիբանան գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու: Նմանօրինակ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Ֆաթհ կազմակերպութեան Պէյրութի ղեկավարութեան կազմակերպութեամբ կը նախատեսուի, որ այսօր` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի կէսօրին իմամ Ալի մզկիթէն դէպի Շաթիլայի գերեզմանատուն քայլարշաւ-ցոյց մը կայանայ ի յիշատակ Ֆաթհի հիմնադիր, Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթի մահուան 19-ամեակին:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը երէկ յայտարարեց, որ 800 հազար եւրոյի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին քոլերա ժահրին դէմ դարմանումի քայլերուն համար: Նմանապէս երէկ, Պէյրութի օդակայան հասաւ եգիպտական 17 թոն նուէր դեղորայք կրող օդանաւ մը: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ անձամբ դիմաւորեց եգիպտական օժանդակութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով եգիպտական պատկան կողմերուն: Նշենք, որ նախարար Ապիատ երէկ շարունակեց իր այցելութիւնները եւ մօտէն հետեւեցաւ Նապաթիէի հիւանդանոցներու կացութեան` քոլերայի դիմակալման ընդառաջ: Նշենք, որ երէկ Լիբանանի մէջ քոլերայի նոր պարագաներ արձանագրուեցան` ցարդ վարակուածներու ընդհանուր գումարը բարձրացնելով 455-ի:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ փոխադրակառքերու վարիչներ եւ այլ աշխատաւորներ բողոքի ելոյթով որոշ ժամանակով փակեցին ճամբաները` պահանջելով ընդառաջել իրենց ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի պահանջներուն:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քուրայի Ամիուն շրջանի արգելարանէն 18 բանտարկեալներ երէկ յաջողած են խոյս տալ: Անոնց մէջ կան 9 լիբանանցի, 5 սուրիացի եւ 2 պաղեստինցի բանտարկեալներ: Ապահովական ուժեր մինչեւ երէկ երեկոյ յաջողած են ձերբակալել խոյս տուած բանտարկեալներէն վեցը:


