Թուրքիան Սուրիոյ հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու հաստատումը պիտի քննարկէ համապատասխան պայմաններու գոյութեան պարագային: «Արմէնփրես» թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Սուրիոյ հարցին մէջ մենք կը պահպանենք սկզբունքային դիրքորոշումը չորս ռազմավարական նպատակներու հիման վրայ. երկրի միասնականութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, ատոր անխախտ կայունութիւնը քաղաքական լուծման վրայ, մեր սահմաններուն մօտ ահաբեկչութեան սպառնալիքի վերացումը, սուրիացիներու անվտանգ վերադարձը հայրենիք», ըսած է Չաւուշօղլու:
Անոր համաձայն, Սուրիոյ մէջ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ Անգարայի ջանքերուն շնորհիւ շուրջ 530 հազար սուրիացիներ արդէն վերադարձած են տուն:
«Եթէ համապատասխան պայմաններ յառաջ գան գաղտնի սպասարկութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութիւններու` մինչեւ դիւանագիտական մակարդակի ընդլայնման համար, մենք նոյնպէս ատիկա պիտի գնահատենք», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:


