Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան ներկայիս վերականգնողական շրջան մը կ՛անցընէ իր ստացած վնասուածքէն ետք:
29 տարեկան ֆութպոլիստը իր վնասուածքը ստացաւ նախորդ 22 հոկտեմբերին, Չելսիի դէմ տեղի ունեցած 13-րդ հանգրուանի մրցումին (Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն):
Ֆրանսացին շատ հաւանաբար չմասնակցի յառաջիկային տեղի ունենալիք Անգլիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն, սակայն շուտով պիտի սկսի իր փորձերուն եւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի միանայ Ֆրանսայի ազգային խումբի իր խմբակիցներուն:


