Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահպանուած Հայերէն Հնատիպ Գիրքերու Ժառանգութիւնը Լեհաստանի Մէջ

November 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերը մնայուն կերպով եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերու դեգերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են` անոնց  սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման: Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ մատեաններու, տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը, որուն մէկ մասը պահպանուած է Լեհաստանի այսօրուան սահմաններէն ներս, իսկ միւս մասը կորած կամ ոչնչացած է, եւ կամ պահեստի վայրը անյայտ է:

Պէտք է յիշել, որ լեհական գրադարաններուն մէջ պահպանուած հազուագիւտ հնատիպ հայերէն գիրքերու հաւաքածոները ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած, եւ այս իրականութեան լոյսին տակ բարդ է ծանօթացնել եւ ներկայացնել լեհահայ գրատպութեան եւ հրատարակչական պատմական ամբողջական ժառանգութիւնը` ձեռագիր եւ տպագիր մշակոյթը, հայերէնով գրաւոր ստեղծագործութիւնները, ձեռքբերումներն ու ներդրումը, նոյնպէս ալ լեհ-հայկական մշակութային կապերու առանձնայատկութիւններու ամբողջական ըմբռնումը` փոխադարձ ընկալումը:

Այս թեմայով 13 յունիս 2022-ին Լեհաստանի Պոզնան քաղաքի Ատամ Միցկեւիչ համալսարանի լեհ եւ դասական գրականութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սրապեանի դոկտորականի ատենախօսութեան լեհերէնով հանրային պաշտպանութիւնը, նիւթ ունենալով լեհական գրադարաններու մէջ պահուող հայերէն տպագիր ժառանգութիւնը` «Հայ հնատիպ գիրքերը Լեհաստանի գրադարաններուն մէջ» վերնագրով: Տուեալ դոկտորականի հետազօտութեան հիմնական նպատակն էր` Լեհաստանի ժամանակակից գրադարաններու մէջ 1512-էն մինչեւ 1800 թուական պահպանուած  հնատիպ հայերէն գիրքերու բացայայտումը, ցուցակագրումը եւ բովանդակային նկարագրութիւնը, ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ` հաւաքագրուած նիւթերու բանասիրական մեկնաբանութիւնը: Պէտք է յիշել, որ Ն.  Սրապեանը իր դոկտորական թեմային պարունակութիւնը դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ 1 սեպտեմբեր 2022 թուականին:

Սոյն հետազօտութիւնը կը ներառէ Լեհաստանի ներկայ սահմաններուն մէջ գտնուող  գրադարաններուն հաւաքածոները: Խնդիրը այն է, որ կարելի չէր միաժամանակ ընդգրկել լեհական պատմական բոլոր այդ տարածքներուն մէջ գտնուող կամ պահպանուող հայկական հնատիպ գիրքերու ամբողջական ցանկագրումը, մատեաններու լիակատար ուսումնասիրութիւնը:

Հասկնալի է, որ համաշխարհային պատերազմներու բարբարոսութիւնները եւ անոնց յաջորդող արհաւիրքները ժամանակի ընթացքին վերաձեւեցին եւրոպական երկիրներու աշխարհաքաղաքական սահմանները, փոփոխութեան ենթարկեցին նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները:

Այս շրջագիծին մէջ նկատի պէտք է ունենալ, որ որոշ սահմանափակում մը կայ լեհական գրադարաններ հասկացողութեան մէջ, երբ պատմականօրէն լեհական թագաւորութեան տարածքները կ՛ընդգրկէին ժամանակակից Պիելոռուսիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիոյ որոշ տարածքներ: Լեհաստանին առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան թուականին` 1918-ին, վերոյիշեալ տարածքները երկար դարերու ընթացքին Լեհաստանի պատմական տարածքներ էին, սակայն այսօր այդ տարածքները Լեհաստանին չեն պատկանիր, բնականաբար այդ տարածքներու մէջ ալ ներկայանալի թիւով հայկական հին համայնքներ կը բնակէին` ունենալով հայ գրչութեան եւ մշակութային կեդրոններ: Հետեւաբար անվիճարկելի պէտք է համարել, որ այդ ժառանգութիւնը կը պատկանի լեհահայ դարաւոր համայնքին: Ուստի կանխատեսելի է, որ յիշուած երկիրներու մէջ լեհահայ գրաւոր մշակոյթի ժառանգութեան պատկանող հնատիպ հայերէն գիրքեր ալ պահպանուած ըլլան` համալրելու պատմական այդ գիրքերու ցանկագրումն ու լեհահայերու տպագիր մշակոյթի մասին գիտելիքներու ամբողջութիւնը:

Գնահատելի է, որ պահպանուած հնատիպ գիրքերու ցուցակագրումը, պրպտումները, ուսումնասիրութիւնները զգալիօրէն կը նպաստեն մեկնաբանելու եւ վերլուծելու Լեհաստանի առաջին հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող հայերէն ձեռագիր կամ տպագիր մշակոյթի առկայ մեծ մասը: Այդ մէկը նոյնպէս անհրաժեշտութիւն մը կը յառաջացնէ լեհահայ տպագիր մշակոյթը կատարեալ ճանչնալու, աւելի ճշգրիտ ուսումնասիրելու եւ համապարփակ  գնահատական մը տալու համար:

Նունէն իր լրջամիտ պրպտումներու շնորհիւ կարողացած է 55 անուն գիրք գտնել, որոնք պահպանուած են Լեհաստանի գրադարաններուն մէջ: Այդ մէկը կը վկայէ այդ գրադարաններու արխիւներու  հարստութեան, պատմական հաւաքածոներու եւ հնադարեան գիրքերու ժառանգութեան հանդէպ բազմապահանջ խնամքը եւ հոգատարութեան բծախնդրութիւնը:

Նունէի ուսումնասիրութեան շնորհիւ կարելի է տեղեկանալ պատմական հրատարակչական կեդրոններու եւ անոնց գործունէութեան բնոյթին մասին որոշ մանրամասնութիւններու: Հրատարակչական կեդրոնները ներկայացուած են իբրեւ մշակութային կեդրոններ, ուր գործած են հայկական տպարաններ: Այդ պահպանուած գիրքերուն մեծ մասը հրատարակուած է այդ տպարաններէն, ինչպէս` Վենետիկի, Հռոմի, Ամսթերտամի, Կոստանդնուպոլսոյ, Մարսէյի, Փարիզի, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Եղած են նաեւ կաթոլիկ քարոզիչներու կողմէ հիմնադրուած տպարաններ, որոնց հրատարակած գիրքերը գրուած եւ թարգմանուած են լատինաբան հայերէն օգտագործող սերունդներու կողմէն: Հետաքրքրական է, որ այդ 55 պահպանուած գիրքերէն 17 հատը հրատարակուած է մինչեւ 1700 թուական, իսկ մնացեալը` 1700-1800 թուականներուն, կան նաեւ անյայտ թուականով հրատարակութիւններ:

Ներկայացուած գիրքերուն մեծ մասը, ըստ նիւթերու դասակարգումի, գլխաւորաբար նուիրուած է կրօնական թեմաներու, որոնք կը պարունակեն` ժամագիրքեր, աղօթագիրքեր, օրացոյցներ, մեկնաբանութիւններ, սաղմոսներ, սուրբերու կեանք, շարականներ եւ այլն: Կան նաեւ ոչ կրօնական հարցերու նուիրուած քանի մը գիրքեր, որոնք կը պարունակեն` բառարաններ, փիլիսոփայական նկատառումներ, հայկական ժողովրդական առակներ եւ հռետորութեան դասագիրք: Իսկ գիրքերու լեզուն ներկայացուած է ընդհանրապէս գրաբարով:

Հնատիպ հայերէն գիրքերու ցանկագրումը կատարուած է Հայաստանի մէջ գիրքերու ցանկագրումի ընդունուած սկզբունքներուն համաձայն: Ի շարս տարբեր առանձնայատկութիւններու եւ գիրքերու նկարագրութիւններուն` քննարկուած են նաեւ` գիրքերուն ձեւաչափը, կազմը, նկարազարդումները, տպագրութիւններու հիմնական չորս հայերէն տառատեսակները (երկաթագիր, նօտրագիր, բոլորագիր, շեղագիր), տրուած է նաեւ իւրաքանչիւր տեսակը  պարունակող գիրքերու  քանակը:

Նունէ Սրապեանը 2010 թուականին աւարտած է Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան լեզուաբանութեան պետական համալսարանը` ստանալով համեմատական տիպաբանութեան (Typology) գիտակարգի մագիստրոսական աստիճանը: 2016 թուականէն ի վեր Պոզնանի Ատամ Միցկեւիչ համալսարանի միջազգային համագործակցութեան աջակցութեան կեդրոնի աշխատակից է, Եւրոպական Միութեան ծրագիրներու շրջանակներու մէջ ռազմավարական գործընկերութեան, կարողութիւններու զարգացման եւ շարժունակութեան նախագիծերու համակարգող է: Իսկ 2018 թուականէն ի վեր նոյն համալսարանին մէջ սկսած է իր դոկտորական աստիճանի ուսումը: Նոյն համալսարանին մէջ աշխատակցած է Եւրոպական յանձնաժողովի կրթութեան, մշակոյթի, տեսալսողական, քաղաքացիական եւ կամաւորութեան ոլորտներու մէջ:  Մասնակցած է Եւրոպական Միութեան դրամաշնորհներու ծրագիրներու որոշ բաժիններու մէջ համակարգումի  աշխատանքներուն, եղած է նաեւ Erasmus-Mundus, EMINENCE, VERITAS, TEMPUS եւ այլ նախագիծներու տեղական համակարգող: Այդ ծրագիրները ուղղուած են` ուսանողներու, ակադեմական եւ վարչական անձնակազմերու զարգացման, ինքնավարութեան եւ հաշուետուութեան խթանումի համար: Դոկտորականէն ետք, նոր ուսումնական տարիէն սկսեալ, Նունէն հրաւիրուած է նոյն համալսարանին մէջ դասաւանդելու:

Իսկ հիմնականօրէն Նունէի հետազօտութեան կարեւորութիւնը առաջին հերթին կը դրսեւորուի հայերէն գիրքերու հրատարակչական հոլովոյթի ծանօթացման, գիրքերու մէջ գտնուող նիւթերու հաւաքագրումին` իբրեւ մատենագիտական սկզբնաղբիւրներ, մեկնաբանելու նաեւ հայ մշակութային, մատենագիտական եւ այլ պարունակներու մէջ հայերու պատմագիտական ներդրումը:

Այդ արխիւային  տեղեկութիւնները կը թոյլատրեն ոչ միայն լրացնելու լեհահայ տպագիր մշակոյթին մասին քիչ ծանօթ մատենագիտական բացը, այլեւ նոր լուսամուտ մը կը բանան սփիւռքի հայ մատենագիտութեան մէջ թաքուն օղակ մը յայտնաբերելու եւ վերարժեւորելու, մանաւանդ եւրոպական մշակոյթի բազմադարեայ ժառանգութեան զարգացման երթի ընթացքին կը մեկնաբանեն լեհահայերու գրատպութեան աւանդը` իբրեւ համամարդկային քաղաքակրթութեան ժառանգութիւն:

Հոս պէտք է մատնանշել, որ Նունէի պրպտումներն ու հետազօտութիւնը կարելի է համարել ամբողջացնող ինքնայատուկ շարունակութիւն մը, համալրող կամրջում մը Նունէի դոկտորականի գիտական օգնական ղեկավարին եւ ներկայիս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Փիրուզ Մնացականեանի հետազօտութիւններուն, որոնք աւարտած էին 26 յունիս 2015 թուականին, Փիրուզի դոկտորականի ատենախօսութեան հանրային պաշտպանութեամբ: Փիրուզ Մնացականեանը առաջին հայուհին էր, որ իր դոկտորականը պաշտպանած եւ աւարտած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն: Նիւթ ունենալով լեհական գրադարաններու մէջ պահուող հայերէն ձեռագիրներու` «Հայոց լեզուի մշակոյթը հին Լեհաստանի մէջ» վերնագրով: Լայնածաւալ եւ բազմաշերտ այս հետազօտական պրպտումը կ՛ընդգրկէ հայոց լեզուի մշակոյթը 14-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարի վերջը, լեհահայ գրչութեան դասական եւ hետագայ կեդրոններու մէջ ստեղծուած կամ օգտագործուած հայերէն ձեռագիրներու բազմարժէք ուսումնասիրութիւնը: Փիրուզի դոկտորականի գիտական ղեկավարը եղած է լեհ պատմաբան ու լեհահայութեան բազմավաստակ մասնագէտ փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթոփքան:

Վարշաւայի համալսարանի գրադարանին մէջ 25 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ Փիրուզ Մնացականեանի հեղինակութեամբ «Լեհահայեր. ձեռագրական ժառանգութիւն» երկլեզու գիրքին շնորհահանդէսը, ուր հեղինակը հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ մը: Գիրքը հիմնուած է Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոներուն վրայ եւ լոյս տեսած է Լվովի հայկական թէ հիմնադրութեան 650-ամեակին (1367-2017) առիթով: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, որ ներկայիս Մատենադարանին մէջ պահպանուած են 130 ձեռագիրներ, որոնք ստեղծուած են 14-18 դարերու ընթացքին, լեհահայ գրչութեան կեդրոններուն մէջ, ինչպէս` Լվով, Կամենեց-Պոդոլսկ, Զամոյշչ, Լուցկ, Եազլովեց, Ստանիսլաւով, եւ ապա` Քրաքով, Ռոհատին, Քութ եւ այլն:

Վերահասու յանձնառութեամբ պարտական ենք երաշխաւորելու մեր ձեռագիր թէ տպագիր հայ մշակոյթի հրատարակչական ժառանգութիւնը, մեր մշակոյթի հոգեմտաւոր յղացքը, մանաւանդ շնորհապարտ եւ բարձր հոգատարութեամբ պէտք է որոնենք ու պահպանենք պատմական մեր ժառանգութիւնը, ինքնութեան կոթողները, աշխարհացրիւ եւ անկորնչելի գանձերը` անկախ անոնց ժամանակէն թէ վայրէն:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմին Իրենց Թալանածը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի 2022-2023 Տարեշրջանի Պաշտօնական Վերամուտը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.